Wednesday May 22, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Mon Aug 27, 7:32 am

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ խիստ մերժելի են  ապահովական խախտումները, միլիսներու տրամաբանութիւնը եւ զինուորական խորհուրդներ ունենալու երեւոյթը:

Ան ողջունեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներէն մէկուն ազատ արձակումը եւ կոչ ուղղեց բոլոր առեւանգողներուն ազատ արձակելու իրենց մօտ գտնուող պատանդները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի, անդրադառնալով իր դէմ բանակի հրամանատարութեան յարուցած դատական հարցին, յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի այդ քայլին դիմելով Հըզպալլայի մօտ ինքնիրեն երաշխիքներ կ՛ապահովէ` յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն առիթով:

Մերեհպի վերստին պահանջեց բանակէն դիրքաւորուելու հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպիի ազատութիւնը կաշկանդելու փորձերը:

ՄԸՔՏԱՏ աշիրեթի բանբեր Մահեր Մըքտատ յայտնեց, որ իրենք ազատ արձակած են առեւանգուած վեց սուրիացիներ եւ իրենց մօտ պահած չորս սուրիացիներ, որոնք ուղղակի կապ ունին սուրիական ազատ բանակին հետ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ բոլոր համայնքները զինուելու ընթացքի մէջ են` իբրեւ նախապատրաստութիւն քաղաքացիական նոր պատերազմի մը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածողներուն դէմ բերման գիրեր պիտի հրապարակուին դատական իշխանութիւններուն կողմէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կ՛ուղղուի դէպի տապալում, բայց նախքան այդ ան կ՛ուզէ իր հարցերն ու տագնապը փոխանցել Լիբանանին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ երեսփոխանի մը անձեռնմխելիութիւնը պէտք չէ շահագործուի` քանդելու համար Լիբանանը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք բոլոր զոհողութիւնները մատուցած են կանգնելու համար լիբանանեան պետութիւնը, որ ոմանց մտայնութեան մէջ բռնատիրութիւն է: Ան ընդգծեց, որ համայնքային պետութիւնը չի կրնար իրականացնել իր զաւակներուն ձգտումները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանը իրեն հարուածող բոլոր փոթորիկներուն կը դիմանայ իր ազատութեամբ, անկախութեամբ եւ ժողովուրդին արժանապատուութեամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը իբրեւ պատգամ երկիր պահպանելով:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլին խորհուրդ տուաւ իր հօր, հօրեղբօր,  մեծ հօր եւ ներկայիս իր հոգատարին` Ճոնի Ապտոյի հարց տալու Լիբանանի կերտած յաղթանակի օրերուն մասին: Ան ըսաւ, որ անոր ընտանիքին ղեկավարութեան օրերը եղած են իսրայէլեան իշխանութեան օրերը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի զինեալներու գոյութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ տագնապի մը հաւանականութիւնը բարձրացնող իրականութիւն մըն է:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ իրենք ոչ ոքի պիտի արտօնեն առեւանգելու Սայտան եւ սպառնալու անոր քաղաքացիական անվտանգութեան ու ապահովական կայունութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին վտարելու Լիբանանէն, որովհետեւ ան Պէյրութի մէջ սուրիական դեսպանատան իր գրասենեակը վերածած է ահաբեկչութիւն եւ դաւադրութիւն կազմակերպելու կեդրոնի մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը բոլորին ապահովութեան երաշխիքն է: Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի պահպանելու Լիբանանի սահմանային անվտանգութիւնը` թշնամի Իսրայէլէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ քաղաքական տարբեր ուժերուն եւ համայնքներուն ներկայացուցչութիւնը աղաւաղող ընտրական որեւէ օրէնք` երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն դէմ ուղղուած սպառնալիքի համազօր է:

Leave a Reply

Advertisement