Friday May 24, 2013

Գահիրէ Թուրքիոյ, Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Մասնակցութեամբ Շրջանային Ժողով Մը Կ՛առաջարկէ. «Այն Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Միայն Անոր Դէմ Ուղղուած Չէ, Այլեւ Ամբողջ Շրջանին Դէմ» Ըսաւ Ասատ

By adminx - Mon Aug 27, 7:23 am

Պորուժերտի եւ նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ միայն անոր դէմ ուղղուած չէ, այլեւ ամբողջ շրջանին դէմ, որուն հիմնաքարն է Սուրիան»: Ան նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը պիտի չարտօնէ, որ այդ ծրագիրը իր նպատակին հասնի:

Ասատ ընդգծեց, որ «Սուրիա դիմադրութեան իր ընթացքին մէջ ամուր կը մնայ, ինչ ալ ըլլայ այդ ուղիէն զինք շեղելու արեւմտեան երկիրներու եւ կարգ մը շրջանային երկիրներու համագործակցութեան ծաւալը»:

Պորուժերտի իր կարգին շեշտը դրաւ «Սուրիոյ եւ Իրանի հասարակաց շահերուն» վրայ` վստահեցնելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին կ՛աջակցի եւ կը շարունակէ տագնապէն դուրս գալու համար առաջարկուած որեւէ նախաձեռնութեան շուրջ խորհրդակցիլ:

Պորուժերտի Ֆարուք Շարեհի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «մենք Սուրիոյ ապահովութիւնը մեր ապահովութիւնը կը նկատենք»:

Մինչ այդ, Գահիրէ փափաք յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ շրջանային ժողով մը գումարուի` մասնակցութեամբ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ: Եգիպտոսի նախագահական բանբերը յայտնեց, որ Իրան կրնայ Սուրիոյ տագնապի լուծումին մաս կազմել:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի խօսելով Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի առաջարկած` Իրանէն, Թուրքիայէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Եգիպտոսէն բաղկացած Սուրիոյ շուրջ քառանդամ կապի խմբակի կազմութեան մասին յայտնեց, որ լիկան կ՛ողջունէ Սուրիոյ տագնապի լուծման որեւէ նախաձեռնութիւն` վստահեցնելով, որ նախագահ Մուրսիի նախաձեռնութիւնը ողջունելի է, որովհետեւ ազդեցիկ չորս երկիրներու ուղղուած հրաւէր մըն է եւ կրնայ շատ օգտակար ըլլալ:

Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրօ երէկ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ տագնապի լուծման միջոցները` նշելով, որ այդ հաղորդակցութիւնը կ՛իյնայ սուրիական տագնապի լուծման առնչակից շարք մը երկիրներու հետ Գահիրէի ձեռնարկած խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ:

Եգիպտական բանակին մէջ Սուեզի ջրանցքի մարմինի ղեկավար Մուհապ Մամիշ յայտնեց, որ եգիպտական ծովուժը Սուրիա ուղղուող եւ զէնք-զինամթերքով բեռցուած իրանեան նաւ մը հարուածելու ամերիկեան խնդրանքը մերժած է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ ինք պատկերասփիւռային յայտագիրի մը ընթացքին «հարցը կարելի է ամիսներ կամ շաբաթներ նկատել» ըսելով Ասատի վարչակարգի տապալման թուական չէ ճշդած: Ան նշեց, որ սուրիական տագնապը տարիներով պիտի չերկարի, որովհետեւ իր ժողովուրդը այսպէս անիրաւող վարչակարգ մը չի կրնար տարիներ իշխանութեան վրայ մնալ:

Ապահովական գետնի վրայ, ըստ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին, Սուրիոյ բանակը Հալէպի հին թաղամասերուն մէջ դանդաղ կերպով կը յառաջանայ: Անիկա կը յառաջանայ մասնաւորաբար Պապ Նասըրի ուղղութեամբ եւ յաջողած է ընդդիմադիր զինեալներու տարբեր թաղամասերու մէջ գտնուող դիրքերը իրարմէ անջատելով մեկուսացնել:

 

Leave a Reply

Advertisement