Թեհրանի Մէջ Ընթացք Առաւ Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Շարժումին Վեհաժողովը
By adminx - Mon Aug 27, 7:20 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ երէկ ընթացք առաւ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին վեհաժողովը, որ թիւով 16-րդն է եւ պիտի տեւէ վեց օր:
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ հանդիպում ընթացած է փորձագէտներու մակարդակով: 50-է աւելի երկիրներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ վարչապետներու հանդիպումը կը նախատեսուի աւելի ուշ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի մասնակից երկիրներուն կոչ ուղղած է ջանքեր գործադրելու աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ:
Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի եւս պիտի այցելէ Թեհրան` մասնակցելու համար վեհաժողովին, որուն հրաւիրուած է նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ:
Վեհաժողովին գլխաւոր նիւթը Իրանի հիւլէական ծրագիրն է, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին մարդկային իրաւանց եւ Սուրիոյ տագնապին առնչուող հարցեր: Կը նախատեսուի, որ Թեհրան Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած նախագիծ մը ներկայացնէ:
Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ մասնակիցները քննարկեն Իրաքի, Պաղեստինի եւ Աֆղանիստանի խնդիրները, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի ընկերային տնտեսական խնդիրներուն առնչուող հարցեր:
Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին վերջին վեհաժողովը տեղի ունեցած էր 2009-ին` Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ: Ժողովին բացումը կատարած էր Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print




