«Սփլեշ Լենտ» Լողաւազանին Մէջ Մեսրոպեան Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրի Իւրայատուկ Եւ Հաճելի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն
By adminx - Mon Aug 27, 7:14 am
- 0 Comments
- 115 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին շաբաթ, 25 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սփլեշ Լենտ» լողաւազանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի փակման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Lիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին «Ովասիս»-ի պատասխանատուներ Ալինա Մեսճեան, Սերժ Հաննա Այվազեան եւ Սօսէ Գրիգորեան: Անոնք շեշտեցին, որ «Ովասիս»-ը 14 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր երթը` էապէս ծառայելով իր նպատակներուն:
Ապա «Ովասիս»-ական աշակերտներ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Հանդիսութեան իւրայատկութիւնը այն էր, որ պարերը կը կատարուէին լողաւազանին մէջ, ինչ որ նորութիւն էր եւ հետաքրքրական: Պատմական Հայաստանի գրաւեալ շրջաններու անունները կրող եւ Եռագոյնի գոյներով բաժնուած խումբերը ներկայացուցին մանկական, հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր: Եզրափակիչ հաւաքին նաեւ տեղի ունեցան քոնկ ֆուի եւ մարզական խաղերու ցուցադրութիւններ:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ «Սասնայ պար»-ի միացեալ կատարումով: Հաւաքական պարը արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին:
Աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեանին, կազմակերպիչներուն, դասատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մեծ նուիրուածութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած դժուար աշխատանքը:
Կ. Գալուստ շեշտեց, որ «Ովասիս»-ի յաջողութիւնը առողջ միջավայրի մէջ հայ երեխաներուն ժպիտ պարգեւելն է, եւ այս հանդիսութեան մթնոլորտը կ՛ապացուցէ, որ «Ովասիս»-ը ամբողջովին ծառայած է իր առաքելութեան: Իր խօսքը եզրափակելով` Գալուստ յոյս յայտնեց, որ 15-րդ «Ովասիս»-ը եւս ունենայ նորութիւններ ու արձանագրէ նոր նուաճումներ եւ զարգացումներ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
- 0 Comments
- 115 views
- Tweet
Email
Print



