Ակնարկ. Դրամ, Աղջիկներ Եւ «Վոլկսվակըն»
By adminx - Sat Aug 25, 6:04 am
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print
ԹՈՐԳՈՄ
Վերջին օրերուն քննարկուող մարզական հրատապ լուրը Ֆրանսայի հեծելարշաւի` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 7 ախոյեանութիւն եւ Սիտնիի ողիմպիականին պրոնզէ մետալ նուաճած ամերիկացի մարզիկ Լենս Արմսթրոնկի հարցն է:
Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու հակատոփինկեան գործակալութիւնը (Եուսատա) հաստատած է, որ Արմսթրոնկ արգիլեալ խթանիչներ օգտագործած է, դատարանը մարզիկին ուղղած է մեղադրանքներ, որոնք արդարացուած են: Լենս Արմսթրոնկ կը զրկուի իր բոլոր տիտղոսներէն, կ՛որակազրկուի եւ անոր ցկեանս կ՛արգիլուի մարզական գործունէութիւն: 2011-ին իր մարզիկի ասպարէզը աւարտած 40-ամեայ Լենս Արմսթրոնկ որոշած է չպայքարիլ մեղադրանքին դէմ:
Ան արդէն միլիոնատէր է եւ թերեւս մտածած է, թէ ի՜նչ տարբերութիւն կ՛ընէ որակազրկուիլը, պատժուիլը, երբ ինք արդէն իսկ կուտակած է… կոկիկ գումարներ:
Փոքր տարիքին, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ հարստանալը բնականաբար բազմաթիւ մարզիկներու համար լուրջ անպատեհութիւններ կը ստեղծէ: Ընկերային յարաբերութիւնները կը դժուարացնէ, մարդկային-բարոյական չափանիշերու անկում կը յառաջացնէ, կը մղէ զեխ կեանքի մը, որ ի վերջոյ կը սպառնայ մարզիկին խաղարկութեան որակին, նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու` կեանքին:
Չմոռնանք, որ այսպիսի մարզիկներէն շատ քիչեր կարելիութիւն, ժամանակ ունեցած են պատշաճ ուսում եւ կրթութիւն ստանալու: Իսկ եթէ այլապէս ընթերցող ալ չեն… նաեւ անոնցմէ շատեր ունին այնպիսի գործավարներ, որոնք, մեղմ ըսելու համար, դրամասէր են:
Անշուշտ այսպիսի երեւոյթները նոր չեն, բայց եթէ առաջ սահմանափակուած էին քանի մը մարզիկներու պարագայով, այժմ երեւոյթը աւելի համատարած բնոյթ կը կրէ:
Առաջին ֆութպոլիստներէն մէկը, որ պատանի տարիքին արագօրէն եւ շատ հարստացաւ, Անգլիոյ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ 1960-ական թուականներուն շատ մեծ համբաւ վայելած իրլանտացի ֆութպոլիստ Ճորճ Պեսթն էր: Համակիրներէն բացի ան փափուկ սեռին կուռքն էր` գեղադէմ եւ վայելուչ ըլլալուն համար: Այդ իսկ պատճառով «5-րդ Պիթըլզ» անուանուած էր: Սակայն դրամն ու համբաւը բան մը խախտեցին ներքնապէս, իսկ արտաքնապէս աղջիկները զինք հանգիստ չձգեցին…
Խաղարկութեան մակարդակը արագ անկում արձանագրեց, ի վերջոյ խմիչքի, ոգելից ըմպելիի մոլի դարձաւ եւ 59 տարեկանին մահացաւ:
Ճորճ Պեսթ իր հարստութեան անհետացման մասին ըսած է.
«Ես իմ դրամներուս հարիւրէն 90-ը ծախսեցի ինքնաշարժներու եւ աղջիկներու վրայ, իսկ մնացեալ 10-ը առ հարիւրը մսխեցի…»:
Թէեւ քիչ, բայց կան նաեւ տարբեր խառնուածքով, ապրելակերպով մարզիկներ:
1990-ական թուականներուն համբաւաւոր դարձած ֆրանսացի տաղանդաւոր ֆութպոլիստ Էրիք Քանթոնա մոլի ընթերցող մըն էր, եւ իր տան սենեակները, գետնէն մինչեւ առաստաղ, գիրքերով ծածկուած էին: Քանթոնա ֆութպոլիստի ասպարէզը ձգեց իր խաղարկութեան գագաթնակէտին (կրնար քանի մը տարի եւս խաղալ, բայց ուզեց, որ այդ մակարդակով մնայ մարդոց յիշողութեան մէջ):
Էրիք Քանթոնա ժամանակ մը մարզիչը եղաւ աւազի վրայ մինի ֆութպոլի Ֆրանսայի ազգային խումբին, որուն հետ երբ աշխարհի ախոյեանութիւնը նուաճեց (բան մը, որ շատ ալ մեծ մրցաշարք մը չէր), բաժակը ստացած ատեն ըսաւ.
- Երբ «Ռոլս-Ռայս» տիպի ինքնաշարժ գնելու կարողութիւն չունիս, քեզ կ՛ուրախացնէ… «Վոլկսվակըն»-ը:
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print



