ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի 2012-2013 Տարեշրջանի Ներկայացուցչական Խումբը
By adminx - Sat Aug 25, 6:00 am
- 0 Comments
- 84 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ, ուրբաթ, 24 օգոստոս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին:
Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններ, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբի հովանաւոր «Զարտման» ընկերութեան ներկայացուցիչ եւ խումբի տնօրէն Կի Մանուկեան, լիբանանեան մամլոյ ներկայացուցիչներ, պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներ, հրաւիրեալներ եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներ:
Լիբանանեան եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան անդամ Նազօ Հապիպեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով նաեւ, որ հաւաքուած ենք հոս ներկայացնելու համար ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբի մարզիկները, եւ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը, որ ուղղէ Շրջանային վարչութեան խօսքը:
Յակոբ Քէշիշեան ըսաւ. «Սիրելի՛ հրաւիրեալներ եւ ներկաներ, պիտի ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի ախոյեանութեան, գլխաւորութեամբ խումբ մը մարզիչներու, որոնք իրենց յատուկ վարկը ունին պասքեթպոլի աշխարհին մէջ: Ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներէն Կի Մանուկեան նշանակուած է խումբի տնօրէն: ՀՄԸՄ պասքեթպոլի մարզը կը կիրարկէ իր մասնաճիւղերուն մէջ աղջկանց եւ տղոց խումբերով եւ պիտի մասնակցի աղջկանց եւ տղոց դասակարգային զանազան ախոյեանութիւններու` բարձր պահելու համար ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի դրօշները տեղական թէ արաբական մակարդակներու վրայ»: Յակոբ Քէշիշեան ողջունեց Լիբանանի երիտասարդներն ու մարզիկները, ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկները, որոնք կը կիրարկեն տարբեր-տարբեր մարզաձեւեր, ինչպէս նաեւ անոնց պատասխանատուներն ու մարզիչները` փայլուն ապագայ մաղթելով անոնց:
Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց խումբի հովանաւոր «Զարտման» ընկերութեան եւ անոր վարչական խորհուրդին: Իր խօսքի աւարտին Շրջանային վարչութեան ատենապետը մաղթեց, որ գլխաւորութեամբ մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրայի, որ մարզիչն է Սաժես խումբին եւ մօտիկ բարեկամը ՀՄԸՄ-ին, տղոց խումբը կը շահի երկրորդ դասակարգի ախոյեանութիւնը եւ կը վերադառնայ հոն, ուր վայել է ՀՄԸՄ-ին: Վերջապէս ան մաղթեց, որ Լիբանանի մարզական կեանքը կը հասնի բարձր մակարդակի:
Ապա, խօսք առաւ Կի Մանուկեան` յայտնելով, որ «Զարտման» ընկերութիւնը հպարտ կը զգայ ինքզինք` ըլլալով ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբի հովանաւոր: «Անցեալ տարի փորձեցինք, բայց չյաջողեցանք, յուսահատած չենք: Պիտի փորձենք անգամ մը եւս` խուսափելով անցեալի սխալները կրկնելէ», ըսաւ Մանուկեան` խոստանալով, որ «ամէն ջանք պիտի թափենք շահելու երկրորդ դասակարգի ախոյեանութիւնը: Անցեալ տարի յաջողեցանք լաւ արդիւնքներ արձանագրել եւ համակիրները համախմբել: Նոյն թափով, նոյն կորովով պիտի շարունակենք մեր գործը` հասնելու համար մեր նպատակին»:
Կի Մանուկեան ներկայացուց խումբին մարզիչներն ու մարզիկները:
Աւագ մարզիչ` Ֆուատ Ապու Շաքրա, աւագ մարզիչի օգնական` Թոնի Քարա, օգնական մարզիչներ` Հրայր Տիշչեքենեան եւ Գրիգոր Մեսճեան:
Մարձումի բժիշկներ` Ֆուատ Ժըրժըս եւ Ժիհատ Հատտատ: Մարզիկներ` Յարութ Տեքերմենճեան, Մարիօ Ապպուտ, Սարգիս Սվաճեան, Սամեր Սայյետ, Երուանդ Աւագեան, Հրակ Քարաքաշեան, Ռուտի Ֆարրաժ, Հրակ Մերտինեան, Հայկ Խաչերեան, Րաֆֆի Անմահունի, Նազարէթ Կետիկեան, Տէյվիտ Տէր Եղիայեան եւ Թորոս Մենտիլեան:
Իսկ նորեկ մարզիկներ, որոնք միացան ՀՄԸՄ-ի խումբին ` Ճօ Ղաթթաս, Ֆայսալ Մըրհեպ, Միքայէլ Նար եւ Վարդգէս Մենտիլեան, ՀՄԸՄ-ի շապիկները ստացան ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետին եւ Կի Մանուկեանին:
Ձեռնարկին աւարտին, «Ժատիտ» եւ «Ֆիուչըր» պատկերասփիւռի կայանները հարցազրոյցներ ունեցան Շրջանային վարչութեան ատենապետին եւ Կի Մանուկեանին հետ:
- 0 Comments
- 84 views
- Tweet
Email
Print



