Wednesday Jun 19, 2013

Ճատրակ. Պոլսոյ Մէջ Պայքարը` Տաք

By adminx - Sat Aug 25, 5:53 am

Ճատրակի Հայաստանի տղոց հաւաքականի մարզիչ Արշակ Պետրոսեան հաւաստեց, որ 27 օգոստոսին Պոլսոյ մէջ սկսելիք Ճատրակի ողիմպիականին ընթացքին պայքարը բաւական տաք պիտի ըլլայ եւ մրցումին վայրը ազդեցութիւն պիտի չունենայ մեր տղոց վրայ:

«Ամէն բան պիտի ընենք, որպէսզի այս ողիմպիականին յաջողութիւն նուաճենք: Մենք Պոլիս պիտի մեկնինք ճատրակ խաղալու եւ ցուցադրելու լաւագոյն արդիւնքը», ըսաւ Արշակ Պետրոսեան:

Յայտնենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Ռուսիա, Ուքրանիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Հունգարիա եւ… Ազրպէյճան:

Leave a Reply

Advertisement