Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակի Ձեռնարկներու Կազմակերպման Յանձնախումբի Նիստի Գումարում
By adminx - Sat Aug 25, 7:49 am
Հայաստանի կառավարութեան տան մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստման եւ կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը, զոր վարած է վարչապետ, յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Սարգսեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, յանձնախումբի նախագահի տեղակալ-տօնական հանդիսութիւններու համակարգող Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքները ընթացքի մէջ են` ըստ սահմանուած ժամանակացոյցի:
Մասնաւորապէս, 21 սեպտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ` ձայնային եւ լուսային ժամանակակից լուծումներով: Հայաստանի անկախութեան օրը տօնական հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ հանրապետութեան մարզերուն եւ սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ:
Նիստին ընթացքին ծաւալած է մտքերու շահագրգիռ փոխանակում, որուն ընթացքին ներկայացուած է տարբեր վարչութիւններու կողմէ կազմակերպուող տօնական ձեռնարկներու ընթացքը:
Վարչապետը յանձնարարած է վերջիններուս ղեկավարներուն` փոխհամագործակցութեան միջոցով գործնական կերպով արձագանգելու հաւանական խնդիրներուն` տօնական հանդիսութիւնները բարձր մակարդակով եւ սահմանուած ժամանակացոյցին համապատասխան կազմակերպելու համար:






Արդեօք ներկայ Հայաստանի իշխանութեանց մօտ կայ այդպիսի վարկած «Հայաստանի վերականգեալ անկախութեան տօն»: ոչ երբէք՛ Դժբախտաբար այդ մէկը թերեւս երկար ատեն պիտի մնայ բնութագրիչը Սարդարապատի անխարդախ ու հաւատաւոր սերունդին: