Հայաստանի Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը Կը Պատասխանէ Տաւութօղլուի Քննադատութեան
By adminx - Sat Aug 25, 7:48 am
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով պատասխանեց երէկ Պիշքեքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչութեամբ` Հայաստանի վերաբերեալ քննադատութեամբ հանդէս եկած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին:
Տաւութօղլու յայտնած էր, որ Հայաստան պէտք է վերջ դնէ Ազրպէյճանի տարածքի 20 առ հարիւրի բռնագրաւման, քանի որ ատիկա մեծ խոչընդոտ է Հարաւային Կովկասի զարգացման համար:
Պատասխանելով Տաւութօղլուի յայտարարութեան` Շարմազանով ընդգծեց, որ Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի որոշ ներկայացուցիչներ պարբերաբար կ՛առաջնորդուին կեպելսեան քարոզչութեան սկզբունքով` եթէ բաւական մեծ սուտ ըսես եւ ատիկա կրկնես, իբրեւ արդիւնք մարդիկ պիտի հաւատան անոր: Առ ի գիտութեան թուրք դիւանագէտին, Շարմազանով նշեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ զարգացման խոչընդոտ կը հանդիսանան նոյնինքն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: Ըստ անոր, առաջինը շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ Հայաստանը, կ՛իրականացնէ ժխտողական քաղաքականութիւն եւ կը մերժէ իր իսկ կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւնները, իսկ երկրորդը կ՛արհամարհէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բանակցութիւններուն միտուած ջանքերը` շարունակելով բռնագրաւուած պահել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան որոշ տարածքներ: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը շեշտեց, որ եթէ թուրք պաշտօնեան իսկապէս այդքան մտահոգ է Հարաւային Կովկասի զարգացման խոչընդոտումով, ապա արդարացի կ՛ըլլայ, որ կոչ ուղղէ իր երկրին, որպէսզի անիկա կատարէ իր իսկ կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւնները, դադրեցնէ փակ պահել Եւրոպայի միակ փակ սահմանը եւ չմիջամտէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին:







Օսմանական Թուրքեա կոչուած հրէշը ամբողջ 400 տարի խոչընդոտեց բնական զարգացումը ամբողջ տարածքաշրջանի Եւրոպայից Ասիա, թող Հայաստանը մի քիչ խոչընդոտէ հարաւային Կովկասի զարգացումը: Ոչինչ Պրն Շարմազանով՛ խօսքիդ վրայ պինդ կաց: