Thursday May 23, 2013

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Ամերիկահայ Բարերարներ

By adminx - Sat Aug 25, 7:47 am

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ամերիկահայ բարերարներ Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեանները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներուն եւ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման հետ կապուած հարցեր: Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց բարերարներուն Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերուող մնայուն աջակցութեան, մասնաւորաբար խումբ մը զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն բնակարաններ տրամադրելու համար:

Հանդիպումին մասնակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:

Leave a Reply

Advertisement