Sunday May 26, 2013

Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Վերստին Կը Սաստկանան

By adminx - Sat Aug 25, 7:40 am

Թրիփոլիի մէջ շաբաթէ մը ի վեր բռնկած զինեալ բախումներուն կարելի չեղաւ վերջ տալ նախանցեալ երեկոյեան վարչապետ Միքաթիի նախագահած նիստով, որուն մասնակցեցան Թրիփոլիի հեղինակութիւնները:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները շարունակող կողմերը մերժեցին ընդառաջել Թրիփոլիի հեղինակութիւններուն կոչերուն:

Հինգշաբթի օրուան զգուշաւոր հանդարտութիւնը երէկ վերածուեցաւ փոթորկոտ օրուան մը, որուն ընթացքին տեղացին ռումբեր, որոնք հասան մինչեւ Թրիփոլիի բերդը:

Պապ Թըպպանէի, Ժապալ Մըհսենի, Ռիվայի, Մաշրուհ Հարիրիի, Մանքուպինի, Ապու Ալիի եւ այլ շրջաններու մէջ բախումները շարունակուեցան եւ անոնք պատճառ դարձան գրեթէ բոլոր ճամբաներուն փակումին, ինչպէս նաեւ զինեալներու կողմէ անցարգելներու զետեղումին:

Լիբանանեան բանակը մնաց իր դիրքերուն վրայ եւ արգիլեց այդ անցարգելներուն տեղադրումը:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած բախումներուն ընթացքին Պաքքարի մէջ զոհուեցաւ սալաֆական շէյխ մը` Խալետ Պարատէի, որուն մարմինը առաւօտեան կանուխ ժամերուն յանձնուեցաւ հողին:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Պապ Թըպպանէի բնակիչները հրկիզեցին Ժապալ Մըհսենի կարգ մը վաճառատուները:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսած բախումները մինչեւ կէսօր արդէն սաստկացած էին եւ հասած այնպիսի շրջաններ, ուր տակաւին ոչ մէկ բախում արձանագրուած էր:

Լիբանանեան բանակը դարձեալ փակեց Մալլուլէի ճամբան եւ փակեց Թրիփոլի-Աքքար մայրուղին` նկատի ունենալով արձակազինութիւնը, որուն պատճառով արձանագրուեցան նաեւ զոհեր եւ վիրաւորներ` նաեւ բանակին շարքերէն:

Զինեալ բախումները երէկ չխնայեցին նաեւ լրագրողները Ապու Ալիի շրջանին մէջ, ուր «Սքայ նիուզ»-ի ձայնի հաղորդավար Հիւսէյն Նահլէ եւ քանատացի լրագրող Մարիա Մոր վիրաւորուեցան:

Վիրաւորուած լրագրողներուն օժանդակութեան հասաւ լիբանանեան բանակը եւ արգիլեց միւս լրագրողներուն` բախումներու շրջանին աւելի մօտենալէ:

Տեղական կեցուածքներուն շրջագիծին մէջ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը սուրիական ծրագիրին եւ անոր դէմ գործող ծրագիրին միջեւ շրջանային բախում կարելի է նկատել:

Նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ բազմաթիւ կողմեր կը ջանան Թրիփոլիի մէջ սիւննի-ալեւի սադրանքներ նախապատրաստել:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Թրիփոլիի հարցերը կարելի է լուծել դէպի այդ շրջան զէնքին մուտքը արգիլելով:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ  մտահոգութիւն յայտնեց Թրիփոլիի բախումներուն առումով եւ պահանջեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը հաշուետուութեան կանչել, որովհետեւ ան մեղսակցած է Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումին:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն առաջքը առնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Մոսկուա եւս մտահոգ է հիւսիսային Լիբանանի մէջ բռնկած կացութեամբ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement