Տեղեկատուութեան Նախարարութեան Մէջ Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու Ընդարձակ Նիստ
By adminx - Sat Aug 25, 7:39 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ընդարձակ նիստի մը, որուն մասնակցեցան լսատեսողական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, ինչպէս նաեւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ, Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման եւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու լուրերու բաժանմունքներու եւ քաղաքական յայտագիրներու տնօրէններ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լրատուութեան ձեւերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն լուրին եւ առեւանգեալներուն կատարած յայտարարութիւններուն ու լիբանանցիներուն վրայ այդ յայտարարութիւններուն ձգած ազդեցութիւններուն:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ լրատուութեան մէջ ազգային գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկումներուն առանցքը դարձաւ 15 օգոստոսին կատարուած լրատուութիւնը եւ Լիբանանը վտանգի ենթարկելու տուեալներուն կանխարգիլման ձեւերը:
Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ հետեւողական հանդիպումներ ունենալու` սկսելով յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ:
Նիստէն ետք Տաուք յայտնեց, որ 15 օգոստոսը սեւ չորեքշաբթի մըն էր` նկատի ունենալով լիբանանեան պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններուն կողմէ սփռուած այն լուրը, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները սպաննուած են:
Տաուք յայտնեց, որ այդ լուրը հաղորդող լսատեսողական լրատուամիջոցները ներում հայցած են առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներէն եւ կը խոստանան առարկայական ձեւով վարուիլ լուրերուն հետ:
Տաուք ըսաւ, որ այդ նիստին նպատակը դատավարութիւն չէ եղած, այլ` ընդարձակ ընտանեկան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են հարցերը եւ լիբանանեան տեղեկատուութեան մակարդակը բարձրացնելու ձեւերն ու միջոցները:
Իր կարգին, Ապտել Հատի Մահֆուզ յայտնեց, որ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդը կը մերժէ լսատեսողական լրատուամիջոցներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել:
Ան շեշտեց, որ տեղեկատուական մարզը հսկայ պատասխանատուութեամբ պէտք է ընթանայ իր ստանձնած առաքելութեան մէջ:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print



