Վ. Սապունճեան Այցելեց Բանակի Հրամանատարին
By adminx - Sat Aug 25, 7:37 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print

Նախարար Սապունճեան եւ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու պատուիրակութիւնը` զօր. Քահուաժիի հետ հանդիպման ընթացքին
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան` ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի, երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ միութեան միջեւ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս բանակին կարիքները լիբանանեան արտադրութիւններուն ընդմէջէն հոգալու կարելիութիւնները:
Բանակի հրամանատարը այս գծով ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերեց:
Նախարար Վրէժ Սապունճեան շեշտեց, որ զօր. Քահուաժիի ներկայացուցած է լիբանանեան ճարտարարուեստին մեծ կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան արտադրութիւններուն որակին կարեւորութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի արդէն իսկ հրապարակած է շրջաբերական մը, որուն մէջ ան պետական բոլոր հաստատութիւններէն եւ քաղաքապետարաններէն պահանջած է նախապատուութիւնը լիբանանեան արտադրութիւններուն տալ եւ ոչ թէ այլ արտադրութեանց` քաջալերելու համար տեղական արտադրութիւնները:
Վ. Սապունճեան բարձր գնահատեց զօր. Քահուաժիի ցուցաբերած զօրակցութիւնը ճարտարարուեստի մարզին այս նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է ծառայել Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print



