Զօր. Աուն. «Համայնքային Եւ Յարանուանական Ոչ Մէկ Բախում Պիտի Բռնկի Լիբանանէն»
By adminx - Sat Aug 25, 7:36 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն համար անհրաժեշտ է ինքնաբաւ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ արտաքին ճնշումներու առաջքը առնել: Զօր. Աուն հաստատեց, որ համայնքային թէ յարանուանական ոչ մէկ բախում կամ պատերազմ պիտի բռնկի Լիբանանէն եւ ուղղուի դէպի դուրս, ինչպէս նաեւ ան պիտի չազդուի համայնքային կամ յարանուանական արտաքին պատերազմներէն:
Ան ըսաւ, որ Լիբանան կ՛ազդուի Սուրիոյ տագնապէն, որովհետեւ սահմանակից երկիր է եւ երկու երկիրներու միջեւ միացեալ շահերը բազմաթիւ են:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած բախումները պիտի սահմանափակուին այդ շրջաններով:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



