Sunday May 26, 2013

Շարպել Կը Շարունակէ Իր Լաւատեսութիւնը` Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձին Գծով

By adminx - Sat Aug 25, 7:33 am

Քըրթպաուի, Ժրայսաթի եւ Շարպել

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին հետ:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Շարպել, Շաքիպ Քըրթպաուի եւ Սելիմ Ժրայսաթի: Նիստէն բացակայեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր` առողջական պատճառներով:

Նախարարական յանձնախումբը շարունակեց իր աշխատանքները կատարել լռութեան մէջ` նշելով, որ առեւանգուած բոլոր քաղաքացիներուն թղթածրարին լուծման գծով իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն:

Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւնները բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած են: Ան նշեց, որ լուռ մնալու քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ եղած է` աւելցնելով, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է յայտարարել իրագործում մը կատարելու պարագային:

Նիստէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Մարուան Շարպել անդրադարձաւ Թրիփոլիի բախումներուն` ընդգծելով, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին լիբանանեան բանակը պիտի շրջափակէ բախումներուն վայրը եւ այդ օղակին մէջ պիտի փորձէ պահել կրակ բացող կողմերը:

Շարպել ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը իմաստուն քայլերով կը շարժի եւ ոչ թէ ուժ բանեցնելով:

Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը նոյն ընթացքով պիտի չշարունակուի, այլ` յանցագործները պիտի ձերբակալուին եւ դատավարութեան ենթարկուին:

Շարպել ընդգծեց սակայն, որ այդ նուաճումը իրականացնելու քայլը ժամանակի կը կարօտի:

ՄԻՒՍ կողմէ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է` նշելով, որ թուրք պատասխանատուն յայտնած է, թէ ինք մտահոգ չէ առեւանգուած լիբանանցիներուն ճակատագիրով:

Ան աւելցուց, որ թուրքերը նախապայման չեն դրած լիբանանցի առեւանգեալները յանձնելու լիբանանեան իշխանութիւններուն` Լիբանանի մէջ առեւանգուած երկու թուրքերը ստանալու փոխարէն:

 

Leave a Reply

Advertisement