Լիպիոյ Մէջ Միջցեղային Բախումներու Պատճառով 12 Զոհ Արձանագրուած Է
By adminx - Sat Aug 25, 7:25 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով տեղւոյն իրաւապահ մարմիններու անդամ իր աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 145 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, գտնուող Զլիտան քաղաքին մէջ լաւապէս զինուած երկու ցեղախումբերու միջեւ տեղի ունեցած է բախում մը, որուն պատճառով արձանագրուած է 12 զոհ:
Բախումին պատճառները բնորոշ են այդ երկրին: Ըստ աղբիւրին, Քազզաֆիի տապալումէն ետք կեդրոնական իշխանութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ այդ երկրին մէջ ամէնուրեք զէնք-զինամթերք տարածուած է:
Լիպիական ցեղախումբերու միջեւ գոյութիւն ունի նաեւ լարուածութիւն այն հարցին շուրջ, թէ արդեօք հի՞ն, թէ՞ նոր իշխանութիւններուն պէտք է սատարել:
Աղբիւրը կ՛եզրակացնէ, որ այս պայմաններուն մէջ այսպիսի բախումները անխուսափելի են:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



