Իրան Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ծրագիր Մը Պիտի Առաջարկէ
By adminx - Sat Aug 25, 7:22 am
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իրանեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան Թեհրանի մէջ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին ընթացքին Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ծրագիր մը պիտի ներկայացնէ:
Ան ըսաւ, որ այդ ծրագիրը հիմնուած է ողջմիտ եւ ընդունելի տրամաբանութեան մը վրայ, որ դժուար մերժելի է` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութեան մէկ մեծ հատուածը ընդունած է Թեհրանի մէջ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու առաջարկը:
Սալեհի յոյս յայտնեց, որ Թեհրան Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովէն ետք հիւրընկալէ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը` նշելով, որ Թեհրան այդ հարցով կապ հաստատած է Եգիպտոսի հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցներուն նկատմամբ ժխտական կեցուածք ունի եւ նշեալ պատժամիջոցներուն պատճառով այդ երկրին հետ համագործակցութիւնը չի դադրեցներ»:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ռուս-սուրիական առեւտրական յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով կը զարգանան, հակառակ Սուրիոյ մէջ ներքին տագնապի յառաջացման:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը զինուորական ճակատումի անելէն դուրս գալը քննարկելու կարեւորութեան սկսաւ գիտակցիլ, ինչ որ Սուրիոյ տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու նկատմամբ յոյս կը ներշնչէ»:
Կաթիլով նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ Ազգային համակարգումի խորհուրդը, իբրեւ ազդեցիկ ընդդիմադիր կողմ, առաջարկեց տագնապի խաղաղ լուծման ծրագիր մը, որ չորս կէտերէ կը բաղկանայ»:
Ան ըսաւ, որ առաջարկուած ծրագիրը կարելի է բաղդատել Ժընեւի հաղորդագրութեան հետ, ինչ կը վերաբերի բռնարարքներու անմիջական դադրեցման, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ քաղաքական երկխօսութեան ձեռնարկման «եւ այդ բոլոր կէտերը Ժընեւի համաձայնութեան կէտերուն կը համընկնին»` աւելցնելով, որ «մենք բոլոր ձեւերով կը զօրակցինք սուրիական ընդդիմութեան կողմէ բխած այս նախաձեռնութեան, եթէ անոր քաղաքական լուծումի ուղղուածութիւնը աւելնայ, եւ սկսանք այդ մէկը զգալ ընդդիմադիր ուժերու կատարած յայտարարութիւններէն»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ գումարուած Սուրիոյ շուրջ թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակի նիստը քննարկեց Սուրիոյ յետասատեան հանգրուանի հարցը:
Դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Անգարայի մէջ Սուրիոյ շուրջ թուրք-ամերիկեան ժողովը շատ կարեւոր է: Անոր ընթացքին Սուրիոյ շուրջ տեսակէտներու գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու փոխանակում տեղի ունեցաւ»` աւելցնելով, որ «ամերիկեան վարչակարգը սկսաւ սուրիական տագնապին լրջօրէն եւ զգուշութեամբ նայիլ, հակառակ մօտալուտ նախագահական ընտրութեան»:
Աղբիւրները նշեցին, որ ժողովը անդրադարձած է գաղթականներու դէպի Թուրքիա արտահոսքի աճին պարագային Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ապահովական գօտիի ստեղծման հարցին:
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print




