«Ամերիկային Արտօնեցինք Իր Բանակի Զրահապատ Մեքենաները Մեր Հողերուն Ճամբով Աֆղանիստանէն Դուրս Բերելու» Կ՛ըսէ Ռոկոզին
By adminx - Sat Aug 25, 7:19 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին յայտնած է, թէ «Ռուսիա Միացեալ Նահանգներուն արտօնեց իր հողերուն ճամբով ամերիկեան բանակի զրահապատ մեքենաները Աֆղանիստանէն դուրս բերելու»:
Ռոկոզին վստահեցուցած է, որ «ռուսական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն կ՛արտօնեն իրենց բանակի «Համըր» տիպի զրահապատ մեքենաները Ռուսիոյ հողատարածքին ճամբով Աֆղանիստանէն դուրս բերելու»:
Ան շեշտած է, որ «Օլիանովսքի օդանաւը Միացեալ Նահանգներու զօրակայանի չվերածուեցաւ»` նշելով, որ «այդտեղ օտար զինուորներ չեն գտնուիր. ՕԹԱՆ-ի պատկանող գոյքերը ռուսական փոխադրամիջոցները կը փոխադրեն»: «Այդ գոյքերը Օլիանովսք կը հասնին օդի ճամբով, ապա շոգեկառքեր զանոնք Եւրոպա կը փոխադրեն», ընդգծած է ան:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print




