Wednesday May 22, 2013

Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան Վեհաժողովի Ընթացքին Գնչուներու Հարցը Պիտի Արծարծէ

By adminx - Sat Aug 25, 7:16 am

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Եուրաքթիւ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը մտադիր է գնչուներու ընկերատնտեսական համարկման հարցը կառոյցի հերթական վեհաժողովի օրակարգին վրայ ներառելու համար դիմել Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Կիպրոսի իշխանութիւններուն:

Վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 18-19 հոկտեմբերին` Պրիւքսելի մէջ:

Ֆրանսայի հասարակութիւնը անհանգստացած է երկրի տարածքին Պուլկարիայէն եւ Ռումանիայէն եկած գնչուներու թիւով: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրի շուրջ 15 հազար գնչու:

«Փարիզ կ՛ուզէ նաեւ Պուքրեշի եւ Սոֆիայի հետ բանակցութիւններու սկսիլ` հայրենիքի մէջ (Ռումանիա, Պուլկարիա) գնչուներու համարկման աջակցութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններ մշակելու նպատակով», կը յայտնէ «Եուրաքթիւ» կայքէջը:

Ֆրանսա եւ Եւրոպական Միութեան եօթը այլ անդամներ` Աւստրիա, Պելճիքա, Գերմանիա, Լիւքսամպուրկ, Մալթա, Հոլանտա եւ Բրիտանիա, մինչեւ 31 դեկտեմբեր պարտաւոր են Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ քաղաքացիներուն համար աշխատատեղիներ բանալ: Կառոյցի մնացեալ անդամները արդէն վերցուցած են նշեալ երկու երկիրներէն աշխատաւորներու ընդունման արգելքը: Այս երկու երկիրները Եւրոպական Միութեան անդամ են 2007-էն ի վեր:

Եւրոպական յանձնաժողովը օրեր առաջ անհանգստութիւն յայտնած էր Ֆրանսայէն գնչուներու վտարման նոր դէպքերու առնչութեամբ եւ կը փորձէ յստակացնել` արդեօք այդ քայլը Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան խախտումներով չէ՞ կատարուած:

9 օգոստոսին ֆրանսական Լիլ քաղաքի արուարձանին մէջ, որ սահմանակից է Պելճիքայի, վերցուած են գնչուական ճամբարներ, ուր կը բնակէին շուրջ 350 գնչուներ: Մինչ այդ, նման քայլեր կատարուած են նաեւ Լիոնի եւ Փարիզի մէջ: Իբրեւ արդիւնք, նիւթական հատուցման դիմաց շուրջ 240 գնչու վերադարձած են Պուքրեշ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement