Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները
By adminx - Sat Aug 25, 7:08 am
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print
Հինգշաբթի, 23 օգոստոս 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին ներկայացուցիչները: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պաշտօնապէս յանձնել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հրաւէրը` իմամ Մուսա Սատըրի անյայտացման 34-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք հաւաքին:
Խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցիչներուն, որոնք միաժամանակ Ամալ շարժումի քաղաքական դիւանի անդամներ են, եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ յատկապէս անոր հետեւանքներուն` Լիբանանի ներքին կեանքին վրայ: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց հեռու մնալու կարեւորութիւնը քաղաքական ու համայնքային զգայնութիւն եւ գրգռութիւն յառաջացնող փորձերէ, որոնք կրնան խախտել երկրին ներքին անդորրութիւնն ու համակեցութիւնը: Վեհափառը նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանը համայնքային գոյակցութեան երկիր է, հետեւաբար այդ գոյակցութիւնը պէտք է պահել ամուր` իբրեւ հիմքը Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու առաքելութիւն տուող եզակի ազդակը:
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print




