Սլաք. Քրոքըր Կամ Անմեղ Մեղաւորը
By adminx - Sat Aug 25, 7:06 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ամերիկեան իշխանութիւնները Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ իրենց երկրին նախկին դեսպան Ռայըն Քրոքըրը ամբաստանած են ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ ինքնաշարժ վարելու, արկած պատճառելու եւ դէպքի վայրէն փախուստ տալու յանցանքով:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը կը յայտնէ, որ Քրոքըր, որ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարած է, Ուաշինկթըն նահանգի Սփոքէյն քաղաքին մէջ ինքնաշարժով աջէն ընթանալու ընթացքին դէպի ձախ շրջադարձ կատարած է, որուն պատճառով իր ինքնաշարժը փոխադրակառքի մը բախած է, իսկ Քրոքըր դէպքի վայրէն փախուստ տուած է: Արեան քննութեան արդիւնքը ցոյց տուած է, որ անոր արեան մէջ ալքոլի մակարդակը արտօնեալ չափին կրկնապատիկն է:
Ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակարգերը յաճախ կը խօսին այլ երկիրներու մէջ փտածութեան մասին: Արդեօք այս ալ դիւանագիտակա՞ն փտածութիւն է: Յամենայն դէպս, դէպքը բարացուցական է: Ինչպէս ինքնաշարժ վարելու ընթացքին որոշ քայլեր արկածներ պատճառելով` անմեղ անցորդներու եւ վարորդին կեանքը կրնան խլել, նոյնպէս ալ քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունին քայլեր, որոնք անոնց թիրախը եղող պետութեանց ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ այդ քայլերուն ձեռնարկող կողմին համար աղէտալի հետեւանքներ կրնան ունենալ. վկայ` Իրաքն ու Աֆղանիստանը: Քրոքըր` իբրեւ այդ երկիրներուն մէջ իր երկրին նախկին դեսպանը, այդ իրողութեան քաջածանօթ է, սակայն կ՛երեւի ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ այդ «դասը» մոռցաւ, ճիշդ ինչպէս ամերիկեան իշխանութիւնները Վիեթնամը մոռնալով Իրաք եւ Աֆղանիստան ներխուժել որոշեցին: Ոչինչ կ՛երաշխաւորէ, որ անոնք «ոգելից ըմպելիի» ազդեցութեան տակ ապագային դարձեալ իրենց յիշողութիւնը կորսնցնելով նոյնպիսի արկածախնդրութեան մը չդիմեն:
Հեգնական է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները իրենց նախկին դեսպանը կ՛ամբաստանեն յանցանքի մը համար, որ իրենք կատարած են. անոնք քարիւղի շահի հեռանկարէն գինովցած Իրաք ներխուժեցին` քանդեցին երկիրը, աղէտի մատնեցին տեղւոյն ժողովուրդն ու իրենք զիրենք, ապա «դէպքին վայրէն» խոյս տուին: Այս առումով` բաղդատմամբ անոնց ամերիկացի նախկին պաշտօնատարը անմեղ է. ան ոչ մէկ զոհ պատճառած է, այլ` միայն երկու մեքենաներու վնաս պատճառած:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print



