Գրականութիւն, Ստեղծագործութիւն, Բարոյական Եւ Պատգամ
By adminx - Sat Aug 25, 5:40 am
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Գրականութիւնը էապէս գեղարուեստ է, ինչպէս` երաժշտութիւնը, գեղանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը: Թէ ըստ ժամանակի թելադրանքին, վիպագիրը կամ բանաստեղծը, գեղանկարիչը կամ քանդակագործը բարոյական, պատմական, քաղաքական, յեղափոխական, կրօնական ներշնչման թելադրանքով «կը յղանայ», այս բնական է, բայց ան նախ կ’ընթանայ գեղեցիկի եւ ստեղծագործութեան ճամբով: Այդ թելադրանքը նպատակ չէ, հում նիւթն է: Երբ կը դառնայ նպատակ, կը դադրի գրականութիւն ըլլալէ, կը վերածուի հրապարակախօսութեան, ճառի, քարոզի, ամբոխավարութեան, որոնցմէ անդին կը գտնուի վաւերական գրական ստեղծագործութիւնը:
Այսինքն գրականութիւնը ո՛չ պատմութիւն է, ո՛չ քաղաքականութիւն, ո՛չ ընկերային խնդիրներու արծարծում, ո՛չ պոռնկագրութիւն: Անոնք հում նիւթը կրնան ըլլալ, ինչպէս` քարահանքէն ելած մարմարը, սակայն քանդակն է ուշագրաւը եւ արժէքը, մնայունը եւ գեղեցիկը: Մարմարը կեանք կը ստանայ գեղեցիկի հպումով: Գրական ստեղծագործութիւնը եթէ չդիմաւորենք եւ չդատենք այս մօտեցումով, «դասեր» եւ «պատգամներ» փնտռելով զբաղինք, կամ այդ ընելով էջեր մրոտենք, ոչինչի կը յանգինք, ո՛չ գրական վայելք կ’ունենանք, ո՛չ ալ գրականութեան ժառանգութեան վրայ բան մը կ’աւելցնենք:
Եթէ «պատգամներ» կը սպասենք, կարիք չկայ գրականութեան. կարդանք Կոմփիւկիոսը, Աստուածաշունչը, Աւետարանները, Առաքեալներու թուղթերը, Քուրանը, Փրուտոնը, Մարքսը, Լենինը: Վերստին կարդանք:
Գոյութիւն ունեցած է եւ ունի «յանձնառու» գրականութիւն (littérature engagée), գրուած են «թեզ» մը պաշտպանող կամ լուսարձակի տակ բերող վէպեր եւ թատերական երկեր (romans à thèse), որոնք յաջողած են, երբ ունեցած են ստեղծագործութեան եւ գեղեցիկի դրոշմ, գեղեցիկ լեզու եւ գունեղ բառապաշար, այլապէս անոնք պիտի ըլլային ժողովի մը բանաձեւ կամ թռուցիկ (pamphlet): Այս գրականութեան ծաղրանկարը ապսպրուած արտադրութիւններն են, անհատի կամ հասարակակարգի մը գովերգանքը, որ նոյնինքն մարդուն եւ իր գրականութեան ստրկացումն է:
Հայ ընթերցողը սիրած է եւ կը սիրէ ազգային բովանդակութիւն մը տեսնել գրական երկին մէջ` իր պատմութեամբ եւ ճակատագրով յուզուելու համար: Այդ պատճառով ալ նոյնքան խանդավառուած ենք Րաֆֆիի, Ծերենցի եւ Մալխասի գործերուն ընթերցումով, առանց նկատի ունենալու անոնց գրական արժէքի տեսակարար տարբերութիւնները: Ազատագրութեան հարց ունեցող ժողովուրդ ըլլալով` հայը կարծէք ամէն քայլափոխի յոյս կամ պատգամ կը սպասէ գրողէն, բանաստեղծէն:
Գրականութիւնը հարկ է ազատագրել այն բոլոր ազդեցութիւններէն եւ ակնկալութիւններէն, որոնք գեղարուեստական չեն: Թիւրիմացութիւնները կանխելու համար ըսենք, որ գրականութիւնը գրողի կամ բանաստեղծի իւրայատուկ հոգեկան աշխարհին մէջ կը ձուլէ անցեալը, ներկան եւ գալիքը, այսինքն` ժառանգութիւնը: Այդ ժառանգութիւնը տեսիլքներու եւ կացութիւններու համագումար մըն է, որ կ’արտայայտուի լեզուով մը, որ իր կարգին ժառանգութիւն է: Այս պատճառով է, որ ազգային գրականութիւնը կ’արտայայտուի ազգային լեզուով, Չարենց ի զուր չէ ըսած` «արեւահամ»: Գրականութիւն մը, որ ազգային լեզուով ինքզինք չ’իրականցներ, կը նմանի վարձու սենեակի:
Առանց ազգային լեզուի` չկայ ազգային գրականութիւն: Առանց ազգային լեզուի, փոխ առնուած լեզուով գրականութիւնը այս կամ այն ազգային քարոզչութեան կրնայ ծառայել, եւ եթէ որակ ունի, կը հոսի այն ազգին գանձարանը որուն լեզուն փոխ առնուած է: Բախտաւոր պարագային, կը շոյէ սնափառութիւնները:
Որպէսզի գրականութիւն մշակուի, որպէսզի գրականութիւն ունենանք, որպէսզի գրականութիւն ընելու փառասիրութիւնը պղպջակ չըլլայ, ազգային լեզուն պէտք է իւրացուի, իր արտայայտչական կարողութիւններով` բառապաշար եւ շարահիւսութիւն, գրողին եւ ընթերցողին կողմէ: Առանց այս իւրացման մշակութային քաղաքականութեան, որ ինքնութեան ներուժն է, ինչ որ սովորաբար կը կոչենք քաղաքականութիւն` իր ռազմավարութիւններով եւ մարտավարութիւններով, կը դառնայ դատարկ ջաղացքի չախչախ, ազգը կը խեղդէ տեսակաւոր փառասիրութիւններու եւ «բիզնես»-ի թափահարումներուն մէջ, եւ վաղուան «ծագումով հայերը» ազգի շարունակութիւն չեն ըլլար: Կ’ըլլայ սկզբնաւորութիւն նոր բանի մը` ուրիշներու աւազանին մէջ, ուրիշներու պատկերով:
Տեղ մը, օր մը, պիտի խօսուի՞ հարազատօրէն ազգային գրականութեան մշակման, գրողի եւ այդ գրականութիւնը ընկալելու ատակ եւ ընդունակ զանգուածի մասին: Խօսքը չի վերաբերիր բարձրագոյն ուսում ստացած զանգուածի մասին, այլ` հայ մարդոց, որոնք երբեմն նոյնիսկ նախակրթութիւն չէին ստացած, բայց «Վարժապետին աղջիկը», «Կայծեր»-ը, «Հարճը» կը կարդային:
Հիմա՞:
Դիոգինէսին մոմը առէք եւ փնտռեցէ՛ք…
Կը ծափահարենք, երբ թոթովող մանուկ մը իր չըմբռնած «Խօսք իմ որդուն»-ը, «Հայ լեզուն» կամ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն կ’արտասանէ: Եւ հանդէսի մը տեւողութեամբ կ’երջանկանանք:
Երբ այս կարգի հարցեր կ’արծարծուին, ինչ որ սովորաբար վերնախաւ կը կոչուի, որ հակամէտ է օտարաբարբառ դառնալու, եթէ չէ դարձած անգամ, չի լսեր, կամ կ’անգիտանայ, իրենց առօրեային մէջ անմիջականով խեղդուողները, անոնք ալ, չեն լսեր ժամանակ չունին: Կը մնայ երկու քարի արանքին մնացած հաւաքականութիւնը, հետզհետէ աւելի փոքրամասնութիւն դարձող, «Կաղանդ Պապա»-ին հաւատացողներ, որոնք կրնան վերականգնումը իրականացնել, բայց այդ հաւաքականութիւնը իր կարգին, սպառողական ընկերութեան յորձանքին հետ կը տարուի` յառաջդիմութեան իր բաժինէն չհրաժարելով:
Վերականգնումը «հեռանկարային ղեկավարում»-ի հարց է:
Կա՞յ այդ հեռանկարային ղեկավարումը:
Տեղ մը պիտի ծնի անմիջականէն անդին նայելու ազգային հարազատութիւնը վերականգնելու միտող կամքը:
Հայ գրականութիւնը պիտի վերադառնա՞յ մեր տուները:
Եւ ո՞վ պիտի վերադարձնէ:
Պիտի չզարմանամ, եթէ գինիի ջուր խառնածներու անդիմագիծ ամբոխը այս կարգի հարցերը կոչէ ժամանակավրէպ…, ովկիանոսներու ափերուն եւ Արարատի փէշերուն:
Նուազի-լը-Կրան
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print



