Sunday May 26, 2013

Հ. Գարակէօզեան Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Հանդէս

By adminx - Sat Aug 25, 5:34 am

«Ոսկեդարէն մինչեւ մեր ժամանակները, հայ գիրքը եղաւ ամէնօրեայ աղբիւրը լոյսի, յոյսի, հաւատքի եւ իմաստութեան, ուղեցոյց ու ճանապարհ քրիստոսակեդրոն եւ հայահոծ կեանքի»:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հինգշաբթի, 16 յունիս, 2012-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան  ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը` «Հայ գիրքի տարի» նիւթով:

Բեմը յարդարուած էր Անթուանէթ Մարգարեանի տքնաջան աշխատանքով. մեծ բծախնդրութեամբ բեմին վրայ տեղադրուած էին հայկական հին ու նոր գիրքերու կողքեր:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Ալին Թահազեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա առաջին եւ երկրորդ դասարանի աշակերտները` Երուանդ Քէշիշեանի խմբավարութեամբ եւ շնորհալի դաշնակահարուհիներ Կարինէ եւ Մարիա Յովսէփեանի ընկերակցութեամբ հանրութեան ներկայացուցին հայոց ոսկեղինիկ այբուբենի նուիրուած գեղեցիկ երգեր: Այնուհետեւ վերի կարգի աշակերտները հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ իտալերէն երգերով հմայեցին ներկաները:

Մանկապարտէզի աշակերտները ուրախ գեղգեղուն եւ ճիչերով ներկայացուցին իրենց պարերը` շարունակական ծափեր խլելով:

Բարձր կարգի աշակերտներէն Սագօ Եագուպեան հոգեյոյզ կատարումով արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասանայ պար»-ը քերթուածը, որմէ ետք աշակերտները ճոխ ու գունազարդ տարազներով ներկայացուցին հայկական, արաբական եւ պրազիլական պարերը:

Մարզական բաժնի աշակերտները իրենց մարզիչին` Սթիւ Ապաճեանի հսկողութեամբ ներկայացուցին քոնկ ֆուի մարզաձեւէն կտորներ:

Ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան խօսք առնելով` առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ամենակալ Աստուծոյ, այս գեղեցիկ պարգեւներուն համար, ապա դրուատեց Գարակէօզեան ընտանիքի կատարած մարդասիրական այն վեհ ծառայութիւնները. ան դիտել տուաւ, որ տասնչորսամեայ Հաուըրտի մահը իրենց քրիստոնէական բարձր ոգիով անոնք կրցան վերածել կեանքի սպեղանիի, ուր 90 տարիներ շարունակ հազարաւոր մանուկներ ստացան ֆիզիքական խնամք: Ապա շեշտը դրաւ հայ գիրքի կարեւորութեան վրայ` հայ ընտանիքին ու հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութեան մէջ:

Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի անունով բարձր գնահատեց ամառնային դպրոցի յաջողութեան սատարող բոլոր կամաւոր ծառայողները, բարերաները, ծնողներն ու բարեկամները: Ապա բեմ հրաւիրեց ամառնային դպրոցի վաստակաւոր եւ ժրաջան պատասխանատու Զաւէն Թըղլեանը եւ հաստատութեան տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան ու ամառնային դպրոցի պատասխանատուներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` բեղմնաւոր աշխատանքի համար նաեւ բարի երթ մաղթեց ովկիանոսներէ անդին անոր առջեւ բացած  կեանքի նոր հանգրուանին ընթացքին:

Աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ ամառնային դպրոցի նկարներուն տի.վի.տի.ները եւ հաստատութեանս «Բարեւ» պարբերաթերթը:

Leave a Reply

Advertisement