Մեր Ուղեղը (Բ. Բաժին)
By adminx - Sat Aug 25, 5:32 am
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
6) Ի՞նչ կ՛ընէ մեր ուղեղը երբ մենք կը քնանանք
Քունի ընթացքին մեր ուղեղը բանելէ չի դադրիր: Ան պարզապէս մասամբ մը մարմնէն «կ՛անջատուի», այս պատճառով մենք քիչ կը շարժինք: Քունի հանգրուանը կը բաժնուի երկու գլխաւոր մասերու: Քնանալու երեք քառորդ ժամանակը, ուղեղը շատ գործօն չ՛ըլլար. ասիկա «խորունկ» քունի բաժինն է, մարմինը քիչ մը կը շարժի: Մնացած մէկ քառորդ բաժինին ընթացքին, ուղեղը շատ գործօն է, ան կ՛երազէ եւ մարմինը անշարժ կը մնայ. ասիկա «փարատոքսալ» քունն է: Այս քունի բաժինին ընթացքին ուղեղը յիշողութեան մէջ կ՛ամրապնդէ օրուան ընթացքին սորված տեղեկութիւնները:
Բանելու համար ուղեղը շատ ուժանիւթի պէտք ունի: Ան յատկապէս պէտք ունի թթուածինի եւ նշայոտ նիւթերէն (հաց, փասթա…) յառաջացած շաքարի: Անոր օգտակար են մասնաւորաբար կարգ մը նիւթեր, ինչպէս` կենսանիւթ Պէ. (հաց, չոր պտուղներ), հանքային նիւթերը (քալսիոմ, մակնեզիոմ, երկաթ), իւղոտ թթուները (օմեկա-3, զոր կը գտնենք քոլվային, լոսդիին եւ սարտիններուն մէջ): Իսկ լաւ բանելու համար ուղեղը նաեւ կարիք ունի ջուրի եւ քունի:
8) Խելացութիւնը ուղեղի չափէն կախեա՞լ է
Կարելի է ենթադրել, թէ որքան ուղեղ մը մեծ ըլլայ, ան այնքան աւելի խելացի կ՛ըլլայ: Սակայն ասիկա սխալ է: Բնութեան մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ անասուններ, որոնց ուղեղը մարդոց ուղեղէն աւելի մեծ է: Օրինակի համար, կիտաժանիին (քաշալօ) ուղեղը 7 քիլոկրամ կը կշռէ, մինչ մարդ արարածին ուղեղը կը կշռէ մօտաւորապէս 1.3 քիլոկրամ: Մարդ արարածի պարագային, մասնագէտները չափած են եւ կշռած մեծ գիտնականներու ուղեղը. անոնք ուրիշ մարդոց ուղեղէն աւելի մեծ չեն:
9) Արդեօք մենք մեր ուղեղը ամբողջովին կը գործածե՞նք
Մենք երբեմն կը լսենք, թէ մարդիկ կ՛ըսեն, որ մարդ արարած իր ուղեղին կարողութիւններէն շատ փոքր բաժին մը կը գործածէ: Ասիկա սխալ է. ամէն առողջ անձի մօտ, ուղեղին բոլոր բաժինները կ՛աշխատին, սակայն ոչ անպայման բոլորը նոյն ատեն: Սակայն ճիշդ է, որ մենք գրեթէ անսահման կարողութիւն ունինք նոր բաներ սորվելու: Ուղեղը անդադար բարելաւելու կարողութիւն ունի:
10) Իւրաքանչիւր ուղեղ իւրայատո՞ւկ է
Իւրաքանչիւր անձ կը ծնի տարբեր ուղեղով մը: Սակայն մեր ապրածը, մեր սորվածը, մեր յուզումները եւ մեզ դաստիարակելու ձեւերն են, որոնք յատկապէս կը տարբերին եւ իւրայատուկ կը դարձնեն մեր ուղեղը: Ջութակահար մը շատ կը զարգացնէ իր ուղեղին այն բաժինները, որոնք երաժշտութեան եւ ջութակ նուագելու անհրաժեշտ շարժումներուն հետ կապուած են: Թաքսիի վարիչ մը պիտի զարգացնէ փողոցներու դիրքերը բնորոշելու եւ քաղաքին յատակագիծը լաւապէս սորվելու վերաբերող ուղեղին բաժինը:
Այս ձեւով մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին մեր ուղեղը կը շարունակէ սորվիլ եւ փոփոխութեան ենթարկուիլ` ըստ մեր պահանջներուն: Երբ հիւանդութիւն մը կամ արկած մը կը փճացնէ ուղեղէն բաժին մը, ուրիշ շրջաններ կը յաջողին անոր գործը կատարել: Իւրաքանչիւր ուղեղ տարբեր է եւ փոփոխութիւններու ենթարկուելու կարող:
Արմաւենի Կղզին
Այս հսկայական արմաւենիի ձեւով կղզին տեսանելի է Անջրպետի միջազգային կայանէն` երկրագունդէն մօտաւորապէս 354 քմ բարձրութենէ:
Անձնաթուղթ
Անուն - Փալմ Ժումայրա:
Ինչ է ան – Ան Արաբական Ծոցին մէջ մարդու կողմէ շինուած եւ արմաւենիի ձեւ ունեցող երեք կղզիներէն մէկն է:
Ո՛ւր – Ան կը գտնուի Տուպայի` Միացեալ Արաբական Էմիրաթներուն մէջ:
Մեծութիւն - Անոր տարածքը կը հասնի 31 քառակուսի քիլոմեթրի. անոր մեծութիւնը հաւասար է 5800 ֆութպոլի դաշտերու:
Ծախս - 12 միլիառ տոլար:
Կղզիին մասին
- Այս արմաւի ձեւով կղզին շինելու համար գործածուած քարերէն եւ աւազէն կարելի է շինել 2 մեթր բարձրունք ունեցող եւ աշխարհին շուրջ երեք անգամ դարձող պատ մը:
- Կղզին շրջապատող 11 քմ երկար կիսալուսինը շինուած է աւելի քան 7 միլիոն թոն քարէ:
- Կղզիին վրայ գոյութիւն ունին 65 հազար բնակիչներու բաւարար տուներ եւ պանդոկներ:
- Կղզիին «ճիւղերուն» վրայ զետեղուած շքեղ վիլլա մը կ՛արժէ մօտաւորապէս 5 միլիոն տոլար:
- Կղզիին «կոճղէն» մինչեւ «կիսալուսին» կարելի է երթալ յատուկ շոգեկառքով մը:
- 28 կլոր քիթով դլփիններ յատուկ բերուած են Սալոմոն կղզիներէն` դլփիններու 4,4 հեքթար տարածք ունեցող ծովածոցը բնակեցնելու համար:
- Գիտէի՞ր, թէ կարգ մը տարիներ Փալմ Ժումայրա կղզիին վրայ բնաւ չ՛անձրեւեր:
«Ապսպրուած» Կղզիներ
- Ֆէտէրէյշըն Այլընտ: Այս կղզին պիտի շինուի Սեւ ծովուն մէջ եւ պիտի նմանի Ռուսիոյ քարտէսին:
- Տը Ուըրլտ: Մարդու կողմէ շինուած 300 կղզիներու այս խումբը պիտի շինուի Տուպայի մէջ, պիտի նման աշխարհի քարտէսին: Ծախս` 14 միլիառ տոլար:
- Կալէնժաք: Ատրիաթիք ծովու Խրուաթիայի ծովափին դիմաց գտնուող այս պզտիկ բնական կղզին իսկական սրտի ձեւ ունի:
Ծփացող Կղզի՞ Մը
Երազային կղզի մը, զոր կարելի է մեզի հետ տանիլ մեր ուզած տեղը… Ահա, թէ ինչ կ՛առաջարկեն Օրսոս արուեստական կղզին կառուցողները:
Կապոր Օրսոս աւստրիական ընկերութիւնը իր միլիոնատէր յաճախորդներուն կ՛առաջարկէ մարդու կողմէ շինուած այս արուեստական կղզիին վրայ արձակուրդներ անցընել:
Օրսոս Այլընտ կոչուած այս կղզին կարելի է որեւէ վայր փոխադրել` զայն քաշող նաւու մը կապելով:
Եթէ կարողութիւնը ունիք վճարելու 5,2 միլիոն եւրօ, այս մեծ նաւու մը նմանող կղզին գնելու համար, կրնաք օգտուիլ անոր 1000 մեթր քառակուսի տարածքէն: Անոր վրայ գոյութիւն ունին բազմաթիւ սենեակներ, ճաշարան, բացօթեայ նստավայր…
Այս բոլորը տակաւին ծրագիրի ձեւի տակ է, սակայն Կապոր Օրսոս ընկերութեան տէրերը կը վստահեցնեն, թէ անոնք արդէն ունին բազմաթիւ հետաքրքրուած յաճախորդներէն Չինաստանէն, Աւստրալիայէն ու Միացեալ Նահանգներէն:
Առաջին կղզիները, որոնք կը շինուին Սլովաքիոյ մէջ, պատրաստ պիտի ըլլան 18-24 ամիսէն: Անոնք սեւ ծով պիտի իջնեն Տանիւպ գետին վրայէն, ապա իրենց տէրերուն ընտրած վայրը ուղղուելու համար:
Ժամանց
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print








