Saturday May 25, 2013

50 Տարի Առաջ ( 25 Օգոստոս 1962 )

By adminx - Sat Aug 25, 5:31 am

Տոմսեր

Մէկը Եւ Շատերը

Եթէ վէպի մը մէջ կարդացած ըլլայինք իր կեանքը, պիտի ըսէինք, թէ վէ՞պ է, երեւակայութիւն…

Մէկ օրէն միւսը, իբրեւ հռչակաւոր գեղուհի մը ներկայացուեցաւ Հոլիվուտի տաղանդաշա՜տ… փերեզակներուն կողմէ:

Նոր «Վենիւս» մըն է ըսին, չքնաղ, գոզալ, եւ այլն:

(Թուրք մը, շարժանկարի մէջ տեսնելէ ետք զինք, փորձեր է ինքնասպան ըլլալ…)

Ամուսնութիւն, ամուսնալուծում իրարու կը յաջորդէին, շարժանկարի արագութեամբ: Աշխարհ կը ճանչնար զայն, եւ մանաւանդ միլիոնաւորները` շարժանկարի սիրահարներուն:

Միջազգային քաղաքականութեան մէջ ալ դեր մը ունեցա՜ւ, երբ… Քրեմլինի «արուեստագէտները» ըսին, թէ Մերիլին Մընրօ «ստեղծուած» էր ամերիկացի ժողովուրդին` իր թշուառութիւնը մոռցնել տալու համար:

Ու այդ համբաւաւոր, գեղեցիկ, հարուստ եւ տաղանդաւոր կինը յանկարծ կը գտնուի մեռած, առանձին, առանց հարազատի մը գուրգուրանքին….

Աշխարհ եկած էր եւ իր ծնողքը չէին ուզած զայն: Ապրեցաւ փառքի մէջ, ամէնքէն ուզուած, բայց մեռաւ` դարձեալ լքուած ու անոք…

Ո՞վ է մեղաւորը…

Կրկին… Քրեմլինի ամենագէտները կը պատասխանեն. «Հրէշային Հոլիվուտը», որ այսպէս կը դառնացնէ ու ողբերգութեան կը մատնէ արուեստասէր դժբախտութիւնները…

Համայնավար քաղաքական դերասանները, մինչ կ՛ողբան դերասանուհիի մը եղերական վախճանը, միաժամանակ կը կատարեն կորիզային պայթումի փորձեր` նոր զէնքերու, որոնք միլիոնաւոր մարդոց մահուան պատճառ կրնան ըլլալ օր մը: Ու կը ծածկեն, իրենց ժողովուրդէն, մարդկութեան դէմ իրենց ոճրային դիտումները, զանգուածային սպանդի զէնքերով:

Յուզում ու վրդովում ցոյց կը տրուի, արդարօրէն, անհատի մը ցաւալի վախճանին համար:

Սակայն քիչ անդին, զանգուածային սպանութեան զէնքեր կը պատրաստուին, խաղաղասիրական խօսքերու «հեղեղ»-ի տակ:

Եւ դեռ երէկ, քաղաքագէտ տիկին Է. Ռուզվելթ կը յիշէր, թէ յիսուն հազար քիւրտեր, որոնց մէջ` կիներ ու երեխաներ, սպաննուած են վերջերս, ու բողոքի ձայն հանող չկայ քաղաքակիրթ աշխարհէն:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Հայոց Այբուբենը Գլուխ Գործոց Մըն Է
Կ՛
ըսէ Անթուան Մէյէ

Ծանօթ հայագէտ եւ լեզուաբան Անթուան Մէյէ հետեւեալ վկայութիւնը կ՛ընէ հայոց այբուբենի մասին: Կ՛արտատպենք «Էջմիածին»-ի մայիսի թիւէն:

Նոյն բնատիպարին հետեւելով է, որ հայերը կազմեցին իրենց համար այբուբեն մը, գրական լեզու մը եւ գրականութիւն մը:

Յայտնի է, որ հայոց այբուբենը գլուխ գործոց մըն է: Հայոց հնչաբանութեան հնչիւններէն իւրաքանչիւրը յատուկ նշանով մը նոթագրուած է, եւ համակարգը այնքան լաւ հաստատուած է, որ հայ ազգին հայթայթած է հնչաբանութեան վերջնական արտայայտութիւն մը, որ պահպանուած է մինչեւ այսօր, առանց փոփոխութիւն մը կրելու, առանց բարելաւում մը ստանալու պէտք ունենալու, վասնզի սկիզբէն իսկ անիկա կատարեալ էր:

Աստուածաշունչին թարգմանիչը նոյն բնագիրը բառ առ բառ հայերէնի վերածած է` առանց նշանակելի կերպով փոփոխելու որեւէ նախադասութեան կառուցումը` պահելով միշտ բառերու կարգը: Իրաւունք ունինք ուրեմն ըսելու, թէ նոյն բնատիպարին  կատարելապէս հետեւած է թարգմանիչը:

Ատոր շնորհիւ` Հայաստան ունեցաւ ճապուկ գրական լեզու մը, որ նոյն գրապաշարին  բոլոր արժէքները կ՛արտաբերէ: Այսպէս, կազմուեցաւ գրական լեզու մը, որ ճոխ է եւ, որ կրնար արտայայտել ամէն ինչ, որ նոյն լեզուն կարող էր բացատրել:

Այդ լեզուին ճոխութիւնն ու ճկունութիւնը ուժ մը եղած են հայ ազգին համար` այդ թարգմանութեան օրէն ի վեր: Հայ ազգը անոր հաւատարիմ մնացած է, եւ ան ինքզինք կը հատուէ դեռ այսօր ալ տօնախմբելով այդպիսի ստեղծագործութեան մը յիշատակը:

 

Հալէպի Առաջնորդն Ու Տաճատ Արք. Եւ
Հրանդ
Եպիսկոպոս Նահանգապետին Մօտ

Նահանգապետը Գովասանքով
Կը
Խօսի Հայերու Մասին

Անցեալ շաբաթ օր, կէսօրին Հալէպի նահանգապետ Սայիտ Սէյիտի այցելեցին` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Տաճատ արքեպիսկոպոս եւ Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ եպիսկոպոս:

Նահանգապետին հետ տեսակցութիւնը տեւեց մօտ կէս ժամ, սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Սրբազան հայրերը շնորհաւորեցին նոր նահանգապետ Սայիտ Սէյիտը, եւ իր պաշտօնին մէջ յաջողութիւն մաղթեցին, ինչպէս նաեւ բարգաւաճում ու յարաճուն վերելք` սուրիական հանրապետութեան:

նահանգնապետը վեր առաւ հայ ժողովուրդին առաքինութիւնները եւ յայտնեց, թէ շատ օգտակար եղած են հայերը այս երկրի յառաջդիմութեան համար:

Սրբազան հայրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ հաստատեցին, թէ հայ ժողովուրդը իր պարտականութիւնը անշահախնդրօրէն կը կատարէ արաբական հայրենիքին:

Հալէպի ՀՄԸՄ-ի Քերմէսին Մեծ Յաջողութիւնը

Անցնող ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը տեղի ունեցաւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի տարեկան մեծ քերմէսը, միութեան դաշտին վրայ, որ պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ: Հայ ժողովուրդը խուռներամ փութացած էր իր մասնակցութիւնը բերելու այդ մեծ ձեռնարկին` քաջալերելու համար իր մարզական մեծ միութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement