Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Sat Aug 25, 5:30 am
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութեան հարց մը ունիք, այդ մասին խորհրդածեցէք, որպէսզի աւելի յստականայ եւ շօշափելի դառնայ ծրագիրը: Այսպիսով ձեր կարծածէն շատ աւելի արագ կը լուծուի հարցը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարիքը ունիք ապահովութեան, բայց ձեր հարազատները պիտի կարենան օգտակար ըլլալ ձեզի` փարատելով ձեր մտահոգութիւնը: Օրը լաւ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանիքին մէջ լարուած կամ ճնշուած վիճակ մը պիտի բերէ: Թեթեւի առէք հարցերը, որոնք այնքան ալ նեղացուցիչ կամ ծանր բաներ չեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պէտք է քիչ մը հանգիստ ընէիք, որպէսզի փոխուէր ձեր վիճակը: Օրուան ընթացքին միացէք ձեր բարեկամներուն կամ արուեստի կեդրոն մը այցելեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գնահատական խօսքեր պիտի լսէք ձեր ասպարէզին մէջ ձեր ունեցած մասնագիտութեան վերաբերեալ: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը նոյն ձեւով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր տնտեսական վիճակը թոյլ չի տար, որ դուք կատարէք ձեր ուզածը: Այս պարագային ձեզի կը թելադրուի ըլլալ համբերատար. այսպիսով կը հասնիք ձեր փափաքին իրականացման:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեր ընտանիքը արտասահման կը գտնուի, պիտի կարենաք անոր հետ յարաբերութեան մէջ մտնել եւ իմանալ լաւ լուրեր: Օրը հաճելի պիտի անցնի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արդարութիւնը եւ ճշգրտութիւնը սիրող անձ մըն էք, ահա թէ ինչու ձեզ կը սիրեն բոլորը: Ունիք ձեր նպատակը իրագործելու ճարտար որոշում:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր կարծիքը տուէք ձեր շուրջիններուն, անոնք գոհ պիտի մնան, որովհետեւ ան պիտի ըլլայ նորութիւն բերող իրողութիւն մը: Յաջողութիւնը ձեզի հետ պիտի մնայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գաղտնիք պահելու սովորութիւնը կամ ճաշակը ունիք, ոչ ոքի կը յայտնէք ձեր մասին եղածը: Ասիկա այնքան ալ օգտակար չէ: Արտայայտուեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծրագիր մը լաւ ճամբու վրայ է: Հետապնդեցէք եւ հետեւեցէք անոր իրագործման: Օրը ունի յաջողելու լաւ առիթներ, օգտուեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ունեցած դիրքը մի ստորագնահատէք, ան նախանձելի է, ուրեմն գիտցէք արժէքը ձեր ունեցածին եւ ձեր կարողութեան: Մնացէք գիտակից ձեր դիրքին:
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print



