Thursday May 23, 2013

«Սուրիոյ Տագնապին Ունենալիք Հետեւանքները Պիտի Հասնին Նաեւ Լիբանան» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

By adminx - Fri Aug 24, 7:53 am

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ երէկ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն` նշելով, որ անոնք ցաւալի դէպքեր են:

«Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած դէպքերը մետասաներորդ պահուն ծնած խնդիրներ չեն, այլ` հին տագնապներ, որոնց պատասխանատու ենք բոլորս, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը երկար տարիներ անտեսած է այդ շրջանները, ինչպէս` Պեքաայի մէջ գտնուող կարգ մը այլ շրջաններ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այսօր Լիբանան կը գտնուի աղէտալի իրավիճակի մէջ, Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ կ՛արձանագրուին զինեալ բախումներ, Աքքարի մէջ կ՛արձանագրուի զէնքի մաքսանենգում եւ դէպի Սուրիա զինեալներու մուտք` հասնելով մինչեւ Սուրիոյ մէջ 11 լիբանանցի քաղաքացիներու առեւանգումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ մեր ունեցած իսկական տագնապէն մեզի հեռացնելու փորձերը եւ այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ կը դիտէ լիբանանցիները եւ կը տեսնէ, որ արդէն անոնք եղբայրասպան բախումներու մէջ են, մինչդեռ մենք գաղափար իսկ չունինք, թէ ան ի՛նչ դաւադրութիւններ կը նիւթէ մեզի դէմ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը կ՛ենթադրէ, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը միջամտեն եւ հակակշիռի տակ առնեն կացութիւնը` վերջնական լուծում մը գտնելով այդ բախումներուն: Լիբանանեան բանակը երկրին գլխաւոր երակն է եւ ան պէտք է միջամտէ` արգիլելու համար հիւսիսային Լիբանանի դէմ պատրաստուած դաւադրութիւնները, որոնցմէ գլխաւորն է այսպէս կոչուած «Ապահով շրջան»-ի ստեղծումը:

Ակնարկելով պետութեան հեղինակութեան հարցին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ պետութեան հեղինակութիւնը կորսուած է`  աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք կազմուած է կառավարութիւն մը, որուն մեծ մասը բաղկացած էր միլիսներու ներկայացուցիչներէ, որոնք շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը քաղաքականութեան մէջ, այն սկզբունքով, որ իրենք իրենց ուզածը կը կատարեն եւ պէտք է «ներել անցեալի սխալները» լիբանանեան ոճով ու մտայնութեամբ:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ զանոնք տուն վերադարձնելու նպատակով թրքական իշխանութիւններուն հետ կատարուած բանակցութիւններուն մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Արաբ մեծ մտաւորական Ապտել Ռահման Քաուաքիպի յայտնած է, որ փտածութեան հիմնական 3 տարր կայ. անոնք են. մարախը, ոջիլը եւ թուրքերը: Լիբանանցիները իրենց ամբողջ գրաւը դրած են Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի տուն վերադարձնեն իրենց զաւակները, մինչդեռ անոնք Թուրքիոյ սահմանէն հազիւ 50 մեթր անցած էին, երբ առեւանգուեցան: Ուրեմն Թուրքիա Լիբանանի հետ այսպէս կոչուած պատմական յարաբերութիւններուն սիրոյն, «մարդասիրական» առումով պէտք է գործակցի: Լիբանանցիները Էրտողանը դիմաւորեցին կարմիր գորգերով, չե՞ն կրնար առեւանգուածները Լիբանան վերադարձնել: Ընդհակառակն` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ այլ պատասխանատուներ բազմիցս այցելեցին Թուրքիա եւ չկրցան զանոնք վերադարձնել: Ամօթ չէ՞: Ամօթ չէ՞ նաեւ, որ լիբանանցի նախարարները Մըքտատ ընտանիքին այցելեն եւ առեւանգուած թուրք քաղաքացիին մասին հարց տան` անտեսելով անոնց առեւանգուած զաւակը` Հասսան Մըքտատը»:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց սակայն, որ ինք կը մերժէ Մըքտատ ընտանիքին կատարած առեւանգումները կամ երկրին մէջ գործուելիք նման որեւէ արարք, սակայն ան կը հասկնայ ընտանիքին անդամներուն զգացումները, եւ եթէ պետութիւնը կ՛անտեսէ զանոնք, ուրեմն իրենք քայլերու պիտի դիմեն:

Հարց տալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին, երբ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն գոյութիւն չունի: Պաշտպանութեան ռազմավարութեան հիմքը կը կազմեն ապահովութիւնը, ապրելու պայմանները, Լիբանանի պաշտպանութիւնը եւ տնտեսութեան սիւներուն ապահովումը: Արդեօք այս հիմնական յատկանիշները կա՞ն այսօր»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը տուաւ նաեւ հետեւեալ հարցը. «Անոնք, որոնք այսօր կը յայտարարեն, թէ զէնքին գոյութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ համամասնական դրութեան հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել, ինչո՞ւ 2009-ին եւ 2005-ին զէնքին գոյութեան պայմաններուն մէջ ընտրութիւններ կատարեցին»:

Սուրիական առումով Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը այդ շրջանին քաղաքակրթութեան քանդումն է, որ կը գործուի Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւն նիւթողին ձեռամբ: «Այդ դաւադրութեան նպատակն է Սուրիան բաժնել եւ այդ շրջանին բնակիչներուն միջեւ սադրանքներու դուռ բանալ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքները միայն Սուրիոյ վրայ պիտի չսահմանափակուին, այլ պիտի հասնին մինչեւ Լիբանան, Յորդանան եւ շրջակայ երկիրներ:

 

Leave a Reply

Advertisement