Sunday May 19, 2013

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումը Անցաւ Առանց Միջադէպերու

By adminx - Fri Aug 24, 7:51 am

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան, երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը դիտարկում կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ` Աղտամի ուղղութեամբ:

Ղարաբաղեան կողմէն դիտարկման խումբը գլխաւորեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, դիտարկման մասնակցեցան անոր դաշտային օգնականներ Իրժի Ապերլէ եւ Ուիլիըմ Փրայըր, իսկ ազրպէյճանական կողմէն` դաշտային օգնական Անթալ Հարտիչ եւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցչութեան համակարգող Փիթըր Քի:

Դիտարկումը անցաւ ժամանակացոյցին համապատասխան: Դիտարկման ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած:

ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement