Յայտարարութիւններ ( 18 ապրիլ 2011 )
By adminx - Mon Apr 18, 12:12 pm
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ժիրօ եւ Մարալ Շոքոյեան եւ զաւակը` Յակոբ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անուշ Շոքոյեան
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Սօսի Չիւրիւքեան եւ զաւակը` Հրայր
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Մարալ Չիւրիւքեան եւ զաւակը` Արամ
Տիկին Սիլվարդ Գզիկեան եւ զաւակը` Յարութ
Սիմոնեան եւ Գժտըրեան ընտանիքներ
Սագայեան եւ Չուլճեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ԺԱՆԵԹ ՇՈՔՈՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՍԱՄՍԱԹԼԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 17 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 18 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Համբիկ եւ Պէաթրիս Իփեքճեան եւ զաւակունք (Պելճիքա)
Տիկին Մարիա Իփեքճեան եւ զաւակը (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Տանիէլ եւ Սիլվա Տեքամփ (Ֆրանսա)
Տիկին Լենա Ամուրիք եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Ազատ եւ Անահիտ Թումայեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Ռոզ Գալողլեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Թումայեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Սարգիսեան եւ Գոնտայեան ընտանիքներ
Տօնիկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՏԼԵՆ ԻՓԵՔՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԹՈՒՄԱՅԵԱՆ, Հալէպ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2011-ին, Պրիւքսելի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ին, Պրիւքսելի Ս. Մարի-Մատլեն հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Սոնա Կիւրիւնեան
Օրիորդներ Անի եւ Լենա Կիւրիւնեան
Տիկին Հիլտա Իլիաս Քֆուրի եւ զաւակները` Մայա եւ Լիլի
Կիւրիւնեան եւ Սեքսենեան ընտանիքներ
Մէյվալեան եւ Քֆուրի ընտանիքներ
Թաքաճեան եւ Հաժժար ընտանիքներ
Հարպոյեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Խուրի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ԱՆԹՈՒԱՆ ԺՈՐԺ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1923-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, սրտի կաթուածի պատճառով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 16 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Թահուիթա` Հազմիյէի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 18 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Բորբոսեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Զանի-Սօսէ
Տիկին Զարուհի Բորբոսեան
Տէր եւ տիկին Ժանօ Բորբոսեան եւ զաւակները` Մեղրի եւ Յակոբ
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սիլվա Շիրինեան եւ զաւակները` Գեղամ, Միրէյ եւ Աւօ
Տիկին Արշօ Փոստաճեան
Տէր եւ տիկին Գօգօ Փոստաճեան եւ զաւակները`Գէորգ եւ Գարին
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Լենա Յովհաննէսեան եւ զաւակները` Նիքիթա եւ Մայա
Բորբոսեան եւ Փոստաճեան ընտանիքներ
Քէօսէեան եւ Քիլիսլեան ընտանիքներ
Զգուշեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`
ԱՒՕ ԲՈՐԲՈՍԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան, Քանատայի մէջ:
Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երեքշաբթի, 19 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հոգեհանգստեան օրը` մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երկուշաբթի, 18 ապրիլին, հանգուցեալին մօր բնակարանը` Կիլիկիա թաղ:
———————————————————————————-
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ
Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 4:30-ին
Յետ եկեղեցական արարողութեան, թաղման հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի` մասնակցութեամբ Քահանայից դասուն, Դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներուն` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին ու զօրանալու մահով Յարութիւն կերտած Քրիստոսի խաչով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Գործակցութեամբ` շրջանի թաղական
խորհուրդին, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան
եւ «Չաւօ Շանթ» մասնաճիւղերուն
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ
Կը բանախօսէ` ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր
Ասմունք`
ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ-ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Երգ` ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Ռաուտայի «Էհլան» ժողովրդային բնակարաններու դաշտին մէջ:
———————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբին
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման
96-ամեակին առիթով
ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՄԵՐԳ
Մասնակցութեամբ` Լիբանանահայ ուսանողներու
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, համալսարանի «Ասեմպլի հոլ» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
———————————————————————————-
Հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
Կը ներկայացնէ`
ԷԹՆՕ ՎՈՔԱԼ ԹՐԻՕ
ԱՆՆԱ ՄԱՅԻԼԵԱՆ վոքալ, գեղարուեստական ղեկավար
ԱԼԻՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ վոքալ
ՅԱՍՄԻԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ վոքալ
ԷԼԵՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ դաշնակ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, Քանթարի, Պէյրութ:
Մուտքը` հրաւիրատոմսով
Նախօրօք տոմսերը ապահովել դիմելով`
Հայկազեան համալսարանի նախագահի գրասենեակ (01-739412)
եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի հրատարակչական մարմինի գրասենեակ (01-565628):
———————————————————————————-
Տոքթ. Զաքարիա Մկրեանի մահուան 12-րդ տարելիցին առիթով`
Ժաք Մելիքեան 100,000 լ. ո.
———————————————————————————-
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ
ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
ԳՄԳՄ-ի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացւած է 2011-ի համար նոր գործեր ներկա յացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ, կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր` առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը` հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին հասած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 յունիս 2011:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ դատակազմին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Արտաւազդ արք. Թրթռեան, Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, տիար Պեպօ Սիմոնեան (ատենապետ), տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (ատենադպիր), տիար Ժիրայր Դանիէլեան եւ տիար Կարօ Յովհաննէսեան:
ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմին հասցէն.
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԾԱՆՕԹ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր: Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի համալսարանաւարտ օրիորդի մը` ստանձնելու համար վարչական պատասխանատուութիւն: Արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լաւ գիտնալը` պայման: Դիմել` հեռ. 70-876602:
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչական գործատեղի մը կարիքը ունի սկսնակ եւ վարպետ ոսկերիչներու (սետեքեր) եւ փայլեցնող գործաւորներու: Դիմել` հեռ. 03-575470:
———————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Արմենիա պողոտայ` նամակատան կից, երկու փեղկով, 80 քառ. մեթր: Հեռ. 01-259438:
———————————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Հերմինէ Փերտեճեանի մահուան առիթով ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի անդամները 60,000 լ. ոսկի` ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղին:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



