Տաւուշի Մարզի Գիւղերը` Ազրպէյճանական Կրակոցներուն Ենթակայ
By adminx - Fri Aug 24, 7:47 am
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print
21 օգոստոսի գիշերը հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ արձանագրուեցաւ զինադադարի դրութեան խախտման հերթական դէպքը: Ազրպէյճանական կողմէն տարբեր տրամաչափի հրազէնային զէնքերէ գնդակոծուեցան Տաւուշի մարզի Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Մովսէս գիւղերու պաշտպանական դիրքերը, կրակոցներ արձակուեցան գիւղերուն ուղղութեամբ:
Այգեպարի գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեան յայտնեց, որ շաբաթ մը առաջ ազրպէյճանցիները նոր տեսակի խլացուցիչ զէնք փորձարկած են գիւղին վրայ: Բնակիչները վախցած են եւ մտահոգուած: Արձակուած կրակոցներուն պատճառով, ըստ գիւղապետին, գիւղը շուրջ 30 միլիոնի վնաս կրած է:
Ստեղծուած իրավիճակին կառավարութիւնը եւ մարզային իշխանութիւնները չեն արձագանգած: Մարզպետ Արմէն Ղուլարեան ոչ միայն չէ այցելած գիւղ, այլեւ նոյնիսկ չէ բարեհաճած հեռաձայնել համայնքապետին: Իսկ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը մերժած է կրակմարիչներ տրամադրել` պատճառաբանելով տնտեսական սուղ վիճակը:
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print



