Wednesday May 22, 2013

Դէպքերը Պատճառեցին 11 Զոհ Եւ 80 Վիրաւոր Թրիփոլիի Հեղինակութիւնները Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Առնելու Քայլերու Կը Դիմեն

By adminx - Fri Aug 24, 7:42 am

Վարչապետ Միքաթիի տան մէջ գումարուած ընդարձակ հանդիպումը

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ առաւօտեան մերթ ընդ մերթ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան` պատճառելով համեմատաբար աւելի քիչ թիւով  վիրաւորներ:

Վերջին քանի մը օրերուն սկսած զինեալ բախումները պատճառեցին 11 զոհ եւ 80 վիրաւոր:

Բախումները գրեթէ աւարտած էին կէսօրին` զգուշաւոր հանդարտութիւն մը պարգեւելով Պաքքարի, Ռիվայի, Մալլուլէի եւ այլ շրջաններու:

Բայց եւ այնպէս արձակազինութիւնը կը շարունակուէր, իսկ լիբանանեան բանակը կը հակադարձէր արձակուող փամփուշտներուն:

Երէկ երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան պետական եւ ապահովական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էին պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, երեսփոխաններ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաար:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած են զինեալ այս բախումներուն վերջնական լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ անոնք սկսած են վերածուիլ քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող լուրջ սպառնալիքի եւ այս երեւոյթը կարելի չէ ընդունիլ կամ հանդուրժել:

Նիստին ներկաները յայտարարեցին, թէ իրենց հանդիպումները ընթացքի մէջ են, եւ ողջունեցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` անոնցմէ պահանջելով պարտադրել ապահովութիւնը:

Նիստը կոչ ուղղեց նաեւ դատական իշխանութիւններուն կատարելու իր պարտականութիւնը եւ պահանջեց նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդէն հատուցելու վնասներ կրած ընտանիքներուն:

Անոնք մաղթեցին նաեւ, որ միւֆթի Շաար բոլոր կողմերը համախմբէ իր շուրջ եւ շարունակէ 2009-ին իր սկսած հաշտութեան նախաձեռնութիւնը:

Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք դիմած են որոշ քայլերու, որոնց արդիւնքները աւելի ուշ պիտի յայտարարուին:

«Լիբանանեան բանակը մնայուն քաղաքական հովանաւորութիւն կը վայելէ եւ բոլոր ուժերը կը զօրակցին անոր», ըսաւ Միքաթի:

Ան ըսաւ, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը համեմատաբար աւելի խաղաղ է` աւելցնելով, որ ճիգ չեն խնայեր կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ հաւանական պայթումները կանխարգիլելու:

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներուն, յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին պարտականութիւնն է ապահովել լիբանանցի բոլոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը չէ նահանջած եւ Թրիփոլիի մէջ իր դիրքերը փոփոխութեան չէ ենթարկած:

Ղոսըն հաստատեց, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ ինքզինք վերադասաւորած է եւ կատարեալ զգուշութեամբ կը գործէ, որովհետեւ Թրիփոլիի մէջ մեծ թիւով անզէն մարդիկ կ՛ապրին: Այս ծիրին մէջ Ղոսըն նշեց, որ Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւնները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` օժանդակելու համար լիբանանեան բանակին:

Ղոսըն ընդգծեց, որ բանակը պատրաստ է հակառակորդ կողմերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու, որովհետեւ բոլոր կողմերն ալ կը մերժեն բախումները:

Ղոսըն զգուշացուց, որ եթէ Թրիփոլիի մէջ բախումները շարունակուին, ապա անոնք կրնան ազդել ամբողջ Լիբանանի վրայ:

Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ճակատումներուն մասնակցող զինեալներուն մեծ մասը շրջանին բնակիչները չեն` աւելցնելով, որ ոչ ոք թող յանդգնի իրեն հետ քննարկելու սիւննի համայնքի զինուորական խորհուրդ մը ստեղծելու կարելիութիւնը:

Միւֆթի Շաար նկատել տուաւ, որ այդ մասին կատարուած յայտարարութիւնները անպատասխանատու եւ անհիմն յայտարարութիւններ են:

Միւֆթի Շաար հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումները համայնքային լարուածութեան հետեւանքներ չեն, այլ անոնք կը դրսեւորեն երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը եւ վերջերս այդ լարուածութեան մակարդակին մագլցումը:

Թրիփոլիի հարցերուն մասին Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է երկաթեայ բազուկով հարուածէ` զսպելու համար օրինազանցները եւ հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը, իսկ կառավարութիւնը պէտք է որոշում տայ եւ օրէնքը գործադրէ բոլորին պարագային:

Մերեհպի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմը անհաւասարակշիռ է եւ անիկա ձախողութեան կառավարութիւն է:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ սուրիական որոշումներուն ենթարկուող աւազակախումբն է, որ կը հարուածէ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Թրիփոլին պայթեցնելու առումով Սուրիոյ որոշումը արդէն իսկ տրուած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է կասեցնել Թրիփոլիի քանդումը:

«Վարչապետ Միքաթին է պատասխանատուն Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած արիւնահեղութեան», ըսաւ Ժարրահ:

Օտար հակազդեցութիւններուն շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս մտահոգութիւն յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը կրնայ բարդանալ, եւ կոչ ուղղեց վերջ տալու ապահովական խախտումներուն:

Եւրոպական Միութեան աղբիւրներ իրենց կարգին մտահոգութիւն յայտնեցին այդ առումով եւ շեշտեցին, որ իրենց կը զօրակցին երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու լիբանանեան պետութեան ջանքերուն:

 

Leave a Reply

Advertisement