Tuesday May 21, 2013

Պըրրի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

By adminx - Fri Aug 24, 7:38 am

Ֆլեչըր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս մտահոգիչ կացութեան մէջ կը գտնուի` Միջին Արեւելքի մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով:

Ան աւելցուց, որ այս պայմաններուն լոյսին տակ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համար անհրաժեշտ է գործակցիլ եւ ամրապնդել լիբանանեան միասնականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Ֆլեչըր աւելցուց, որ միջազգային հանրութիւնը յանձնառութիւն պէտք է ստանձնէ նաեւ, որ շրջանին մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը Լիբանանի վրայ ազդեցութիւն չունենայ:

«Շրջանին մէջ տիրող այս կացութեան դէմ դնելու համար մենք կարիքը ունինք Լիբանանի դերակատարութեան, որ կարեւոր է, իսկ Լիբանանի մէջ մեր փնտռած կարեւոր դերակատարութիւնը օրէնքի դերակատարութիւնն է եւ ոչ թէ զէնքին դերակատարութիւնը», նշեց Ֆլեչըր:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի ըսաւ, որ ինք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ճշդած օրակարգին համաձայն չի գործեր եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը չի բերեր` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի նախապայմաններուն ընդառաջելով:

 

Leave a Reply

Advertisement