Thursday May 23, 2013

«Անհրաժեշտ Բոլոր Միջոցառումներուն Պէտք Է Դիմել` Հակակշիռի Տակ Առնելու Համար Թրիփոլիի Բախումները» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

By adminx - Fri Aug 24, 7:36 am

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հետեւեցաւ Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն` ապահովական պատասխանատուներէն պահանջելով անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներ դիմել` հակակշիռի տակ առնելու համար Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ եւ Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմի նախագահ Ժոզեֆ Հապիս:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2012-ին` վարչապետարանին մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement