Թուրք-Քրտական Զինեալ Բախում Մը 21 Զոհ Կը Պատճառէ
By adminx - Fri Aug 24, 7:28 am
- 0 Comments
- 79 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաքքարի նահանգի Շեմտինլի շրջանին մէջ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ հերթական բախում մը տեղի ունեցած է` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները յարձակում գործած են Պաղլար եւ Զորկեչիթ գիւղերէն անցնող թրքական բանակային շարասիւնին վրայ: Նախապէս դարանակալելով ճամբու չորս կողմերուն վրայ` քիւրտերը անսպասելի յարձակում գործած են:
Մարտերու ընթացքին սպաննուած են 5 թուրք զինուորներ եւ 16 քիւրտ զինեալներ: Թրքական բանակը դիմած է օդուժի օժանդակութեան:
- 0 Comments
- 79 views
- Tweet
Email
Print



