Saturday May 25, 2013

Իրաք Սուրիոյ Կացութեան Շրջանային Միջամտութեանց Չի Զօրակցիր. Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Ասատը Կը Զգուշացնեն Իր Ժողովուրդին Դէմ Քիմիական Զէնք Օգտագործելէ

By adminx - Fri Aug 24, 7:24 am

Հոշիար Զիպարի

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը զգուշացուցին ըսելով, որ իր ժողովուրդին կամ ընդդիմադիր ուժերուն դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործումը կամ պարզապէս զանոնք օգտագործել սպառնալը ամբողջովին մերժելի քայլ մը պիտի ըլլայ եւ զիրենք պիտի մղէ տագնապին նկատմամբ իրենց ռազմավարութիւն փոխելու:

Բրիտանիոյ վարչապետարանի բանբերը յայտնեց, որ երկու երկիրներու ղեկավարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խոստովանած են, որ Սուրիոյ մէջ անզէն քաղաքայինները թիրախ դարձնող սպանութիւնները դադրեցնելու համար շատ բան կարելի է ընել:

Քամերոն սուրիական տագնապին դրացի երկիրներուն եւ Միջին Արեւելքի վրայ ապահովական ազդեցութեան վտանգը շեշտած է` ընդգծելով, որ տագնապէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ այլ երկիրներու հետ համագործակցութիւնն ու համակարգումը աւելցնել:

Երկու կողմերը յոյս յայտնած են, որ սուրիական ընդդիմութեան Գահիրէի մէջ նախատեսուած ժողովը յաջողի յառաջիկայ փոխանցման հանգրուանը կառավարելու պատկերացումին շուրջ տեսակէտները միացնել:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու որեւէ ծրագիր` այդ քայլը նկատելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն:

Սալեհի նշեց, որ Մեքքայի մէջ անցեալ շաբաթ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին մասնակից երկիրներու մեծամասնութիւնը դէմ էին Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան եւ կոչ ուղղեցին տագնապին ներքին լուծման: Ան ըսաւ, որ Անանի ծրագիրը կը շարունակէ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար ի զօրու մնալ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Վալերի Ամոս իր կարգին յայտնեց, որ «Ապահովական խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու որոշում տալու փափաք չեմ տեսներ»:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով Փենթակոնի պաշտօնեայ իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը արտակարգ ծրագիր մը կը պատրաստէ. կը նախատեսուի փոքր խումբերով մասնայատուկ ուժեր ուղարկել Սուրիա` պաշտպանելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային վնասազերծելու այդ երկրի քիմիական զէնքի պաշարները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս շաբաթ յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու որոշում պիտի տայ քիմիական կամ կենսաբանական զէնքի օգտագործման պարագային: Օպամայի նախազգուշացումներուն միացած էր նաեւ Բրիտանիոյ վարչապետը:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր իրաքցի պաշտօնակից Հոշիար Զիպարիի հետ եւ քննարկած շարք մը հարցեր, ներառեալ` ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Պաղտատ այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ սուրիացի գաղթականներուն կացութիւնը:

Զիպարի Քլինթընի յայտնած է, որ «Իրաք Սուրիոյ կացութեան շրջանային միջամտութեանց չի զօրակցիր եւ տագնապի ռազմականացման կ՛ընդդիմանայ»:

Սուրիական ընդդիմադիր Յեղափոխութեան վարչական խորհուրդի ղեկավար Հայսամ Մալեհ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ թրքական կեցուածքը անորոշ է. Թուրքիա «սկիզբը սուրիացի ժողովուրդին աջակցելու առումով խանդավառուեցաւ, սակայն այժմ նախապէս ներկայացուցած իր պատկերացումէն նուազը կը ներկայացնէ, թերեւս քրտական թղթածրարին մէջ բարդ հաշիւներ ունի, որոնք յառաջացան սուրիական վարչակարգին կողմէ տագնապը թրքական կառավարութեան արտածելու մտադրութեամբ սահմանային շրջանները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան յանձնելու պատճառով, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտրէթ նահանգի եւ Անտիոքի մէջ ալեւիներ կան եւ անոնք Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չեն սիրեր»:

Ապահովական գետնի վրայ երէկ Հին Հալէպի թաղամասերուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան մասնաւորաբար Ճիտէյտէն զինեալներու մնացորդացէն ձերբազատելու գործողութեանց ընթացքին: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Անսարի եւ Սուլէյման Հալապի թաղամասերուն մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement