Monday May 20, 2013

Տեւլեթ Պահչելի Կրկնեց Իր Առաջարկը. «Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Կառավարութիւնը Թրքական Դրօշակ Պէտք Է Պարզէ Կորդուաց Լերան Վրայ»

By adminx - Fri Aug 24, 7:21 am

Տեւլեթ Պահչելի

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգային շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի հինգշաբթի օր իր ճառախօսութեան մէջ պահանջեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քաջութիւնը ունենայ թրքական դրօշակ պարզելու Կորդուաց լերան վրայ: «Մի՛ վախնար, եթէ հոն դրօշակ պարզես, ամբողջ ազգը քու ետիդ պիտի կանգնի, Ազգային շարժում կուսակցութիւնն ալ քեզի հետ պիտի ըլլայ, եւ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ պիտի ընենք», ըսաւ Պահչելի` ընթացք տալով իր ազգայնամոլական տեսակէտներուն:

Պահչելի հինգշաբթի օր ժողովուրդին խօսք ուղղեց Օսմանիյէի քաղաքապետութեան շէնքին առջեւ եւ ըսաւ, որ Ռամատան ամսուան սկիզբէն մինչեւ հիմա մեծ թիւով նահատակներ տուինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այս պատճառով ալ երկիրը ապրեցաւ Ռամատանի տխուր ամիս մը: Յիշելով, որ Ուլուտերէի մէջ զինուորները փոխադրող կառքի մը տապալումին պատճառով մահացան 9 զինուորներ ու անդապահ մը, Պահչելի ըսաւ, որ «ժողովուրդը արիւն կու լայ այս անվերջանալի նահատակութիւններուն պատճառով»:

Ահաբեկիչները վերջ տուին եղբայրութեան իրաւակարգին եւ այս երկրին մէջ հրահրեցին եղբայրներու միջեւ թշնամական զգացում: Սուրիոյ դէպքերը մէջտեղն են, եւ որոշ շրջանակներ հիմա կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ ալ ստեղծել այն, ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ մէջ: Այս պատճառով այժմ շատ ծանր պարտականութիւն մը դրուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութեան վրայ: Կառավարութիւնը պէտք է վճռական կեցուածք որդեգրէ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու համար եւ այդ հոլովոյթին մէջ ամբողջ երկիրը, բոլոր ընդդիմադիրները անոր ետին պիտի կանգնին: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը այս երկրին մէջ ապրելու իրաւունք պէտք չէ ճանչնայ բոլոր անոնց, որոնք կը հրահրեն եղբայրասպան կռիւը»:

Պահչելի կրկնեց այն, ինչ որ կ՛ըսէ միջոցէ մը ի վեր: «Կառավարութիւնը այլեւս պէտք է թրքական դրօշակ պարզէ Կորդուաց լեռներուն վրայ: Թուրքիոյ մէջ քրտական խնդիր չկայ, Թուրքիոյ մէջ եղբայրական զգացումներով իրարու հետ նոյնացած երջանիկ մարդիկ կ՛ապրին: Միայն թէ կայ նաեւ ահաբեկչութիւնը, որ փորձանք բացած է այս երջանիկ մարդոց գլխուն: Եկէք, մէկ անգամուան համար միացէք բոլորդ ալ ու միասնաբար գացէք ու Կորդուաց լեռներուն մէջ պարզեցէք թրքական դրօշակը: Ազգային շարժում կուսակցութիւնն ալ ձեզի հետ պիտի ըլլայ», ըսաւ Պահչելի:

Ի՞նչ Կը Նշանակէ

«Անշուշտ Կորդուաց լերան վրայ թրքական դրօշակ պարզել կը նշանակէ գրաւել, իր տիրապետութեան տակ առնել Կորդուաց լեռը, այլ խօսքով` գրաւել Իրաքի հիւսիսային շրջանը: Թուրքիա զինուորական այդ ուժը ունի բնականաբար, բայց կրնա՞յ աչք առնել միջազգային այն հազարումէկ խնդիրները, որոնք կրնան ծագում առնել այսպիսի յառաջխաղացումի մը պարագային», հարց կու տայ «Մարմարա»:

 

Leave a Reply

Advertisement