Յունաստանի Վարչապետը Նոր Վարկերէն Հրաժարած Է
By adminx - Fri Aug 24, 7:18 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
«Վեսթի Ֆայնենս» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս իրենց «ուսերը թօթուած» են` խոստովանելով, որ անկարող են սահմանուած ժամկէտերուն մէջ իրականացնել ստանձնուած տնտեսական պարտաւորութիւնները:
Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է եւ ըսած, որ Յունաստանը միջազգային վարկատուներու «փրկարար» վարկերուն դիմաց երկրին մէջ խիստ տնտեսական քաղաքականութիւն կիրարկելու խոստումը կատարելու համար յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի: Ան նաեւ ընդգծած է, որ յոյները չեն պատրաստուիր լրացուցիչ վարկեր խնդրելու:
Յունական կառավարութեան ղեկավարը չէ հրաժարած պիւտճէական ծախսերու կրճատման ուղղութեամբ իր պարտաւորութիւնները կատարելէ, սակայն նկատել տուած է, որ «եթէ հիմա յոյները սեղմեն գօտիները, տնտեսութիւնը պարզապէս շնչելու կարելիութիւն պիտի չունենայ»:
Նշենք, որ կը նախատեսուի, որ Սամարաս այսօր հանդիպում ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print




