153 Սուրիահայ Երեխաներ Եւս Հայաստանի Մէջ Պիտի Անցընեն Իրենց Ամառնային Հանգիստը
By adminx - Thu Aug 23, 7:50 am
- 0 Comments
- 163 views
- Tweet
Email
Print
Նախանցեալ օր երեկոյեան «Արմաւիա»-ի լրացուցիչ 2 թռիչքով Սուրիայէն Հայաստան ժամանեց սուրիահայ երեխաներու նոր խումբ մը` 153 երեխաներ, որոնք իրենց հանգիստը պիտի անցընեն Մայր հայրենիքի մէջ:
Երեխաները 12-16 տարեկան են: Անոնք պիտի տեղաւորուին Հանքաւանի «Լուսաբաց» եւ «Յասմիկ» ճամբարներուն մէջ:
Սուրիահայ երեխաները Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց իր ունեցած վերջին տեղեկութիւնները:
Ըստ նախարարին, նախանցեալ օր երեկոյեան արդէն սուրիական կառավարական զօրքերը կը վերահսկէին հայաբնակ թաղամասերը, ուր որեւէ աւերուածութիւն եւ խուճապային իրավիճակ չկայ: Նախարարը նշեց, որ մարդիկ պարզապէս կը խուսափին փողոց ելլելէ:
Սուրիահայերուն Խնդիրները
Համակարգող Մարմին Պիտի Ստեղծուի
Սփիւռքի նախարարը երէկ հանդիպումի հրաւիրեց Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայեր եւ Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ` քննարկելու Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն առնչուող խնդիրները:
Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ նախարարութեան մէջ պիտի ստեղծուի սուրիահայերու խնդիրները համակարգող մարմին մը, որուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան նաեւ սուրիահայերը:
Նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդառաջ երթալով սուրիահայերուն` երկու որոշում տուաւ այցեգիրերու ստացման եւ Հայաստանի քաղաքացիութեան ստացման դիւրացման մարզերուն մէջ: Սուրիահայերը այժմ Հայաստանի մուտքի այցեգիր կրնան ստանալ ոչ թէ Սուրիոյ մէջ, այլ Հայաստանի սահմանին, իսկ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար պարտադիր չէ Հայաստան գան, որովհետեւ կրնան այս հարցը Սուրիոյ մէջ լուծել: Այժմ կը քննարկուին սուրիահայերու կրթութեան եւ այցեգիրերու ժամկէտներու երկարաձգման հետ կապուած հարցեր:
Նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքները համակարգող աշխատանքային խումբի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեան քննարկման ժամանակ նշեց, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու համար կարեւոր են աշխատանքի տեղաւորման, կեցութեան եւ կրթական մարզի հարցերը: Ան յայտնեց, որ բազմաթիւ սուրիահայեր Հայաստանի մէջ դժուար կը համակերպին առաջարկուող աշխատանքի պայմաններուն` բողոքելով, որ պայմանները ծանր են, իսկ աշխատավարձը` ցած:
Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով, Հայաստանի մէջ այժմ կը գտնուին 1700 սուրիահայեր:
Այս տարուան առաջին 7 ամիսներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար ոստիկանութեան դիմած են շուրջ 3600 սուրիահայեր:
- 0 Comments
- 163 views
- Tweet
Email
Print



