Wednesday May 22, 2013

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ ԵԱՀԿ-ի Հերթական Դիտարկումը

By adminx - Thu Aug 23, 7:46 am

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի իրաւագիրին համաձայն, այսօր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ` Աղտամի շրջանի սահմանագիծին վրայ պիտի կատարուի հերթական դիտարկումը:

Ղարաբաղեան կողմէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, անոր դաշտային օգնականներ Իրժի Ապերլէ եւ Ուիլիըմ Փրայըր, իսկ ազրպէյճանական կողմէն` դաշտային օգնական Անթալ Հարտիչ եւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցչութեան համակարգող Փիթըր Քի:

Leave a Reply

Advertisement