Wednesday Jun 19, 2013

Այսօր Սուրիոյ Հարցով Թուրք-Ամերիկեան Աշխատանքային Խմբակը Կը Գումարէ Իր Առաջին Ժողովը

By adminx - Thu Aug 23, 7:32 am

Սուրիոյ հարցով թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակը այսօր Անգարայի մէջ իր առաջին ժողովը պիտի գումարէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով տեղակալ Էլիզապեթ Ճոնսընի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն դիւանագէտներ եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց ու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ, երէկ հասաւ Թուրքիա` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:

Աշխատանքային խմբակի կազմութիւնը յայտարարուած էր 11 օգոստոսին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Մինչ այդ, «Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով «Հապերթիւրք»-ին,  յայտնեց, որ Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ ձերբակալած է թուրք զօրավար մը, որ ընդդիմադիր զինեալներու գործողութիւնները կը ղեկավարէր: Ան հարցաքննութեան համար Դամասկոս տարուած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, կը հերքէ լուրը:

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ չեչեն ահաբեկչական խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարին զաւակը` Ռոսթոմ Կիլայեւ Սուրիոյ մէջ սուրիական բանակին հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած է:

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան եւ անոր օգտագործել փափաքած որեւէ ձեւաչափին: Ան նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի նոր պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի:

«Հարցը այն է, որ կարգ մը արեւմտեան եւ արաբական երկիրներ զինեալ խմբաւորումներուն զէնք եւ դրամ տալով կը թուի, թէ Սուրիոյ կացութեան քայքայման համար կ՛աշխատին», ըսաւ ան:

Շաապան յայտնեց, որ «թռիչքներու արգիլեալ գօտին, զոր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ այլ արեւմուտքցիներ կ՛առաջարկեն, Սուրիոյ դէմ յարձակում պիտի ըլլայ, իսկ Սուրիա` իբրեւ պետութիւն, պիտի չընդունի որեւէ յարձակում եւ ինքզինք պիտի պաշտպանէ»: Ան այդպիսի գօտիի մը ստեղծումը անհաւանական նկատեց` յոյս յայտնելով, որ ատոր շուրջ երբեք համաձայնութիւն չգոյանայ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտայի գլխաւորած պատուիրակութեան մը հետ: ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ հանդիպումը տեւած է շուրջ 45 վայրկեան, որմէ ետք Սիտա լրագրողներուն յայտնած է. «Այս պահուս կ՛աշխատինք փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորման վրայ: Շատ արագ շարժիլ չենք կրնար, որովհետեւ ատոր համար լուրջ խորհրդակցութիւններ պէտք են: Սակայն կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ արդիւնքի հասնելու համար ջանքեր չենք խնայեր», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ դատապարտեց Այնթապի մէջ երեքշաբթի օր տեղի ունեցած ականահարումը: Ան զօրակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ Թուրքիոյ պայքարին, սակայն թուրք պաշտօնատարներուն հանդարտութեան եւ ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

Ապահովական գետնի վրայ Դամասկոսի Քաֆարսուսա եւ Մուազամիէ շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան: Իսկ Հալէպի մէջ սուրիական բանակը Թալ եւ Ճիտէյտէ թաղամասերը ձերբազատեց զինեալներէ, որոնց զոհերուն եւ գերիներուն շարքին էին արաբներ, աֆղաններ եւ ուրիշներ:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement