Եգիպտոս Կը Մերժէ Իր Հարցերուն Միջամտութիւնը
By adminx - Thu Aug 23, 7:29 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի նախագահական բանբեր Ալի Եասեր յայտնեց, որ «կարեւոր է, որ Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին մասնակից բոլոր կողմերը ՄԱԿ-ի որոշումներու գործադրութեան, հիւլէական ու հաւաքական քանդումի զէնքերու տարածման սահմանափակման համաձայնութեան կարեւորութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն եւ բոլոր պետութիւնները այդ որոշումներուն եւ համաձայնութեանց կէտերուն յանձնառու ըլլան»:
Եասեր շեշտեց, որ «Եգիպտոս իր սեփական հարցերուն միջամտութիւն չ՛ընդունիր` ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութեանց»` նշելով, որ «Եգիպտոս Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովի նախագահութիւնը պիտի յանձնէ Թեհրանի»:
«Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութեանց թղթածրարը շատ կարեւոր ու սեփական, ինչպէս նաեւ պետական գերիշխանութեան թղթածրարներէն է, որուն ոչ ոք պէտք է միջամտէ», ընդգծեց ան:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print



