Friday May 24, 2013

Իրանի Եւ «5+1»-ի Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին 24 Օգոստոսին

By adminx - Thu Aug 23, 7:25 am

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան պաշտօնական յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Իրանի եւ «5+1»-ի (Ռուսիա, Բրիտանիա, Չինաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա+Գերմանիա) միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին 24 օգոստոսին` Վիեննայի մէջ:

Նախապէս, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի ղեկավար Սայիտ Ժալիլիի հետ բանակցութիւններու սկսած էր: Այդ բանակցութիւններուն աւարտին իրանցի պաշտօնատարը համաձայնած էր դարձեալ հանդիպում ունենալ:

24 օգոստոսին նախատեսուած հանդիպումը այս տարուան ընթացքին Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ տեղի ունեցած չորրորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ: Նախորդ` Մոսկուայի, Պոլսոյ եւ Պաղտատի բանակցութիւնները աւարտած էին առանց բեկումնային որոշումներու:

 

Leave a Reply

Advertisement