Saturday May 18, 2013

Իրան Վեց Նոր Զինատեսակներ Ցուցադրած Է

By adminx - Thu Aug 23, 7:20 am

«ԻՐԻՊ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Իրան ներկայացուց վեց նոր զինատեսակներ:

Ներկայացուած նոր զինատեսակներուն մէջ եղած են նաեւ «Ֆաթեհ 110» տիպի հրթիռներու նոր` չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ, մարտանաւերու շարժակներ եւ նաւարկումի համակարգեր:

Յիշեցնենք, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի յայտարարած էր, որ Իրան շուտով պիտի սկսի հարուածի բարձր ճշգրտութեամբ հրթիռներու արտադրութեան:

Ան տեղեկացուցած էր, որ այդ հրթիռները արդէն կ՛անցնին արտադրութեան եւ փորձարկումի վերջին հանգրուանէն:

Յուլիսի սկիզբը Իրանի մէջ տեղի ունեցած էին ռազմափորձեր, որոնց ընթացքին փորձարկուած էին քանի մը տասնեակ տարբեր հրթիռներ:

Նախաձեռնութեան, որ նուիրուած էր զինուորական արդիւնաբերութեան օրուան, մասնակցած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:

 

Leave a Reply

Advertisement