Ազրպէյճան Վերջին Տասը Տարուան Ընթացքին 47 Օդանաւ Եւ 109 Ուղղաթիռ Գնած Է
By adminx - Thu Aug 23, 7:16 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճան վերջին տասը տարուան ընթացքին զգալի քայլերու ձեռնարկած է` իր օդուժը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Սովորական սպառազինութիւններու արձանագրութեան տեղեկատուութեան վրայ, ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ բացայայտած, որ 2001-2011 տարիներուն Պաքուն իր օդուժը համալրած է պատերազմական նոր օդանաւերով, ուղղաթիռներով եւ առանց օդաչուի թռչող սարքերով:
Գնող եւ վաճառող երկիրներու արձանագրութեան հաշուետուութեան համաձայն, վերջին տասը տարիներուն ընթացքին օդուժի զարգացման ծրագիրի ծիրին մէջ Ազրպէյճան տարբեր երկիրներէ գնած է 47 պատերազմական օդանաւ եւ 109 ուղղաթիռ: Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը համալրուած են աւելի քան երեսուն առանց օդաչուի թռչող սարքերով:
Տեղեկութեան վերլուծութեան իբրեւ արդիւնք յստակ դարձած է, որ Ազրպէյճան զինուորական ուղղաթիռներ գնած է չորս երկիրներէ` Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Վրաստանէն: Ուղղաթիռները գնած է Ռուսիայէն ու Ուքրանիայէն, իսկ առանց օդաչուի թռչող սարքերը` Իսրայէլէն եւ ազրպէյճանական ընկերութիւններէն:
Ազրպէյճան նոյն ժամանակաշրջանին Վրաստանէն գնած է 13 հատ «Սու-25» (12-ը Սու-25 եւ մէկը` Սու-25ՈՒԲ), Ուքրանիայէն` 12 հատ «Լ-39», 16 հատ «Միկ-29» (2-ը Միկ-29ՈՒԲ, 14-ը` ՄԻԿ-29), Պիելոռուսիայէն` վեց հատ Սու-25 ինքնաթիռ:
Ինչ կը վերաբերի ուղղաթիռներուն, ապա նշեալ ժամանակաշրջանին ընթացքին Պաքու Ուքրանիայէն գնած է 12 «Մի-24» (մէկը` Մի-24Ռ), Ռուսիայէն 24 հատ «Մի-35Մ», 74 հատ «Մի-5/Մի-17Վ1/Մի-171, երկու հատ Քա-32 ուղղաթիռ, իսկ 84 ուղղաթիռ ալ (64-ը Մի-17Վ1 եւ 24-ը Մի-35Մ) գնուած են 2010-ին` «Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ի հետ կնքուած համաձայնագիրի իբրեւ արդիւնք:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



