Saturday May 25, 2013

«Ազդակ»-ի 85-ամեակի Նշում` Ստեփանակերտի Մէջ

By adminx - Thu Aug 23, 7:14 am

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 85-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանի, հանրային ձայնասփիւռի կայանի, «Ազատ Արցախ» պաշտօնաթերթի, «Ստեփանակերտ» թերթի եւ շարք մը այլ տպագիր ու ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ հայրենի «Ազգ», «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ քանի մը այլ թերթերու թղթակիցներ, ինչպէս նաեւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի եւ «Ճորճիըն Թայմզ»-ի թղթակիցները:

Յառաջիկային աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք ձեռնարկին:

 

Leave a Reply

Advertisement