Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Եթովպիոյ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին Մահուան Առիթով
By adminx - Thu Aug 23, 7:12 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Եթովպիոյ եկեղեցւոյ պատրիարք Ապունա Փաուլոս վախճանեցաւ չորս օրեր առաջ: Այս տխուր առիթով յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կոմիտաս արք. Օհանեան մեկնեցաւ Ատիս Ապեպա` ներկայ ըլլալու յուղարկաւորութեան եւ Եթովպիական եկեղեցւոյ սինոտին ու պետական պատասխանատուներուն անձամբ ներկայացնելու վեհափառ հայրապետին եւ Ս. աթոռին ցաւակցութիւնները: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, Եթովպիոյ Ս. Երրորդութիւն Մայր տաճարին մէջ:
Իր ցաւակցական նամակին մէջ վեհափառը անդրադառնալով Փաուլոս պատրիարքին կեանքին ու ծառայութեան կ՛ըսէ, թէ երկար տարիներու անձնական բարեկամութիւն ու սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունէր իրեն հետ: Յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպած էին Անթիլիասի մայրավանքին, Ատիս Ապեպայի եւ միջեկեղեցական համագումարներու ծիրին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կը յիշէ, թէ իր նախաձեռնութեամբ պատմական ողջագուրում մը տեղի ունեցաւ Փաուլոս եւ Շնուտա պատրիարքներուն միջեւ` Եթովպիոյ եւ Ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող սառն յարաբերութիւններէն յետոյ:
Վեհափառ հայրապետը կը յիշեցնէ, թէ հանգուցեալ պատրիարքը նոր էջ մը բացաւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ` եկեղեցւոյ առաքելութեան զանազան մարզերուն մէջ: Ան նաեւ կ՛ողջունէ պատրիարքին տարած աշխատանքը ափրիկեան ցամաքամասի ծիրին մէջ:
Յայտնենք, որ հայ եւ Եթովպիոյ եկեղեցիները դաւանակից են: Շուրջ երեսուն հազար հաշուող Լիբանանի Եթովպիոյ համայնքը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը` հոգեւոր եւ իրաւական իմաստով:
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



