Thursday May 16, 2013

Փորձ Հարցարան. Համոզելու Կարողութիւնը Ունի՞ք

By adminx - Thu Aug 23, 5:32 am

Մէկը համոզելը այդքան ալ դիւրին չէ: Համոզելու կարողութիւնը բոլորին տրուած չէ. իսկ այդ կարողութիւնը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ կեանքի ընթացքին: Այս կարողութեամբ օժտուած մարդիկ ընդհանրապէս ինքնավստահ եւ անհատականութիւն ունեցող անձեր են:

Իսկ դուք ունի՞ք այդ կարողութիւնը. գիտնալու համար պատասխանեցէ՛ք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:

1

Դուք ընդհանրապէս տրամաբանօրէն կը մտածէք, մէկ կողմ ձգելով ձեր զգացումները:

Այո
Ոչ

2

Դուք յաճախ ձեր ջիղերուն տէրն էք. այլ խօսքով դիւրագրգիռ անձ չէք:

Այո
Ոչ

3

Յաճախ մարդիկ կ՛ըսեն, որ քաղցր ձայն ունիք:

Այո
Ոչ

4

Դուք դիրքորոշուող եւ տեսակէտ ունեցող անձ էք:

Այո
Ոչ

5

Շատ կարդացող եւ պրպտող անձ էք:

Այո
Ոչ

6

Կը հաւատաք խօսքի ուժին:

Այո
Ոչ

7

Ձեզի խորթ չի թուիր մարդոց իշխելու ձգտումը:

Այո
Ոչ

8

Դպրոցի տարիներուն միշտ առաջնորդ եղած էք

Այո
Ոչ

9

Նոյնիսկ ոչ մօտիկ անձեր դիւրաւ կը հաղորդակցին ձեզի հետ:

Այո
Ոչ

10

Դուք լաւատես էք:

Այո
Ոչ

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Այո» է, դուք ուրիշները համոզելու տաղանդով օժտուած էք: Ինքնավստահ, տրամաբանող, պաղարիւն եւ հաւասարակշռուած անձ էք, տիրապետած էք խօսելու արուեստին եւ վստահութիւն կը ներշնչէք ձեր խօսակիցներուն:

 ***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Ոչ» է, դժբախտաբար թոյլ անձ էք, ձեր խօսակիցը գրաւելու, համոզելու կարողութենէ զուրկ էք, քանի որ դուք ձեր անձին նկատմամբ մեծ համարում չունիք, ո՛չ ալ խօսքի ճարտարութիւն ունիք:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն յիսուն տոկոսը «այո» է եւ 50 տոկոսը` «Ոչ», դարձեալ դիմացինը համոզելու կարողութենէն զուրկ էք, քանի որ ձեզի կը պակսի ինքնավստահութիւն, յամառելու եւ պայքարելու վճռակամութիւն:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ինչպէ՞ս Վարժեցնել Երեխան
Մօր Բացակայութեան

Նորածինը իր օրուան հիմնական ժամանակը կ՛անցընէ մօրը հետ: Սակայն վաղ թէ ուշ կու գայ ժամանակը, երբ երեխան եւ մայրը պէտք է «բաժնուին» իրարմէ, օրինակ` մաման պէտք է աշխատանքի, շուկայ կամ այցելութեան երթայ:

Հետեւաբար պէտք է վարժեցնել երեխային որոշ ժամանակ անցընել առանց մամային:

Նախ երեխային հետ բացատրողական զրոյց պէտք է ունենալ եւ բացատրել որոշ ժամանակով իրարմէ հեռու գտնուելու անհրաժեշտութիւնը: Պէտք չէ երեխայէն գաղտնի հեռանալ` անոր ուշադրութիւնը շեշտելով կամ քունի ժամը սպասելով: Նման պարագայի տեսակաւոր դժուարութիւններու առջեւ կրնաք գտնուիլ:

  • Նախ եւ առաջ դուք մտահոգ եւ անհանգիստ պիտի զգաք, թէ ձեր բացակայութեան ինչպէ՛ս կը հակազդէ ձեր փոքրիկը:
  • Փոքրիկը իր վստահութիւնը կը կորսնցնէ մօրը հանդէպ եւ կը դառնայ մտահոգ:
  • Փոքրիկը կը սկսի նախանձիլ մօր անձնական գործերուն, որոնք իրենց «բաժանման» պատճառ են:
  • Մօր գաղտնի ու յանկարծակի մեկնումը երեխային մօտ կը ստեղծէ լքուած եւ խաբուած ըլլալու զգացումը:

Այսպիսով, նաեւ հնարաւոր է, որ երեխային մօտ բնաւորութեան վատ գիծեր ձեւաւորուին, ինչպէս` յարձակողական տրամադրութիւն, մայրիկին փէշերուն փաթթուելու եւ զայն մէկ քայլ իսկ հեռու չձգելու սովորութիւն եւ այլն…

Տունէն մեկնելէ 10 վայրկեան առաջ, երեխային բացատրեցէք, թէ ո՛ւր կ՛երթաք եւ ինչո՛ւ:

Բացատրեցէք անոր, թէ առանձին պիտի չմնայ, այլ` մեծ մայրիկին, դրացուհիին կամ մեծ քրոջ հետ: Ըսէ՛ք նաեւ, թէ այդ ընթացքին ինչով պիտի զբաղի, օրինակ` մեծ մայրիկին հետ բակ իջնել եւ գնդակ խաղալ, մեծ քոյրիկին հետ պատկերասփիւռ դիտել եւ այլն…

Իսկ երբ վերադարձի ժամը կը ճշդէք, փորձեցէք ճշդապահ ըլլալ, այլապէս երեխան իր վստահութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ յաջորդին լաց ու կոծով պիտի բաժնուի ձեզմէ:

Մասնագէտներու Կարծիքով

  • Մասնագէտները խորհուրդ կու տան, որ երեխայէն բաժանման պահը ամէնօրեայ «ծես»-ի պէտք է վերածել: Այսպէս, մաման կը համբուրէ փոքրիկը, ձեռքով ցտեսութիւն կ՛ըսէ ու կը մեկնի` առանց յուզուելու եւ այդ պահը որբերգութեան վերածելու:
  • Ըստ մասնագէտներուն, բաժանման պահուն պէտք չէ երեխային նուէրներ խոստանալ, բայց վերադարձին կրնաք անոր քաղցրեղէն մը կամ փոքրիկ «անակնկալ» մը ընել:
  • Շատ կարեւոր է նաեւ, որ մաման տուն վերադարձին դէպի իրեն վազող երեխային միշտ սիրով ու ժպիտով փաթթուի:

 

Ձեռային Աշխատանք

Օգտագործենք Կալոնները

Կալոնները ժապաւէնի տեսակ են, ընդհանրապէս կը ծառայեն վարագոյրներու, բարձերու, հագուստի փէշերու եզերքները զարդարելու համար:

Շատ մը տուներու մէջ կալոնի մնացորդներ կան, չգտնուելու պարագային` կարելի է գնել շուկայէն` յարմար գինով:

Ուրեմն ձեռք բերէք ձեր ճաշակին յարմարող կալոններ եւ անոնցմով զարդարեցէք ձեր մոմակալները, ծաղկամանները եւ այլ իրեր` անոնց տալով նոր տեսք եւ կեանք:

Կալոնները հաստատելու լաւագոյն միջոցը «Կլու կան»-ն է (զէնքի ձեւով գործիք, որմէ հեղուկ խէժ կը հոսի):

Ստորեւ զոյգ նկարները մեզի կը ներկայացնեն մոմակալի եւ ծաղկամանի հետաքրքրական զարդարանքներ: Կրնաք ձեր երեւակայութեան զարկ տալ եւ նոյն ձեւով զարդարել բոյսի փոքրիկ թաղարներ, լուսամփոփներ, կտաւէ պայուսակներ եւ կօշիկներ…

 

Խոհագիր

Սմբուկով Միսի Շերտեր

Բաղադրութիւն

Հաւու կամ միսի եփած կտորներ:
Ստեպղին
Սմբուկ
Ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Շուշմայ

Պատրաստութիւն

Սմբուկները երկայնքին բարակ շերտերու վերածել, վրձինով` երկու երեսները ձէթով ծեփել եւ փուռին մէջ խորովել:

Ստեպղինները բարակ կտրտել եւ քանի մը վայրկեան քիչ ձէթի մէջ դարձնել, որպէսզի քիչ մը կակուղնան:

Եփած հաւու կամ միսի կտորները համեմել աղով եւ պղպեղով:

Սմբուկի շերտի մը մէջ փաթթել միսի կտոր մը եւ քանի մը կտրտուած ստեղպին, ցպիկով մը հաստատել:

Հրամցնելէ առաջ սմբուկները աղել եւ զարդարել խորոված շուշմայով եւ քանի մը վայրկեան փուռին մը տաքցնել:

Այս խոհագիրը շատ գործնական է, մանաւանդ երբ նախորդ օրերէն աւելցած հաւու կամ միսի կտորներ ունինք, քիչ մը չորցած են եւ չենք գիտեր ինչպէս թարմացնել եւ օգտագործել զանոնք:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կտակ

Սիրուն մանկիկ, ես գնում եմ, դու գալիս ես այս աշխարհ.
Ճշմարիտն ես փորձով գիտեմ, դու խօսքերս մի մոռանար:

Կեանքն է ամպի փախչող ստուեր, վայրկեանն է միշտ իրական,
Բախտի կռանը կամքն է թէեւ, բայց դիպուածն է տիրական:

Զգացմունքն է գերիշխանը, խելքը` նրա լոկ ծառան.
Բայց դու խելքդ վրադ պահիր, ինչպէս պողպատ կուռ վահան:

Մի հաւատար ստուերներին, յենուիր միայն դուն քեզ վրայ,
Ատելու չափ սիրիր մարդկանց, բայց լաւութիւն միշտ արա:

Եւ լայն օրում թէ ընկերներ, թէ բարեկամ ճանաչիր.
Իսկ նեղ օրում ընկերներին ոչ որոնիր, ոչ կանչիր:

Խաղերով լի այս աշխարհում խաղդ եթէ տանուլ տաս,
Զուարթ եղիր, ու այդպիսով բախտի վրայ կը խնդաս:

Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ- դէմի.
Անզղջալի առաջ գնա, ինչ որ լինի, թող լինի:

Լսի՛ր տղաս, ինձ կը թաղես անյայտ մի տեղ, աննշան,
Որ չիմանան, մարդիկ չգան` շիրմիս քարը գողանան:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement