Լոնտոնի Փարալիմփիք Խաղեր. Հայաստան Պիտի Ունենայ Երկու Ներկայացուցիչ
By adminx - Wed Aug 22, 5:58 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Յառաջիկայ 29 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենան Փարալիմփիք 14-րդ խաղերը:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այս խաղերուն Հայաստան պիտի ունենայ երկու ներկայացուցիչ: Լողարշաւի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մարկարիթա Յովակիմեան, իսկ ծանրաբարձութեան մրցումներուն` Կրեթթա Վարդանեան (48 քկ դասակարգ):
Փարալիմփիք խաղերուն նկատի առնուած 20 մարզաձեւերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 160 երկիրներու 4200 մարզիկներ:
Վարդանեան, որ ելոյթ պիտի ունենայ 1 սեպտեմբերին, յայտնեց, որ պատրաստ ըլլալով այս խաղերուն, իր ամէն կարելին պիտի ընէ անպայման մետալի մը տիրանալու, իսկ Յովակիմեան իր ելոյթին պիտի սկսի 5 սեպտեմբերին:
Հայաստանի Փիւնիկ հաշմանդամներու միութեան նախագահ եւ Հայաստանի Փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան ըսաւ, որ Հայաստան պիտի ունենայ միայն երկու ներկայացուցիչ, որովհետեւ ատկէ աւելի ներկայացուցիչներ ունենալը կը կարօտի մեծ գումարներու:
Ան աւելցուց ըսելով, որ պատրաստուելու համար այս խաղերուն, Հայաստանի կառավարութիւնը տրամադրեց 5,8 միլիոն դրամ:
Նշենք, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը Լոնտոն պիտի մեկնի վեց անձերով, իսկ բացման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիրը պիտի ըլլայ Կրեթթա Վարդանեան:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




