Ակնարկ. Դիտարկումները` Հայկական Գործօնի Նկատառումով
By adminx - Wed Aug 22, 7:52 am
- 0 Comments
- 151 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիական ճգնաժամի ներկայ տարողութիւնը կեդրոնացած է Հալէպ քաղաքին վրայ: Հալէպի մարտերը, ըստ երեւոյթին, իրենց ճակատագրականութեամբ վճռորոշ դեր պիտի ունենան ոչ թէ վարչակարգի պահպանման կամ տապալման առումով, այլ ամբողջ շրջանի հետագայ գործընթացները արգելակելու կամ աշխուժացնելու ուղղութեամբ: Խօսքը Միջին Արեւելքի Ստալինկրատին վերածուած հայաշատ քաղաքին մասին է, որ իբրեւ ռազմական գործողութիւններու ընտրուած վայր վերջերս միայն յայտնուեցաւ բախումներու կիզակէտին վրայ: Ճակատագրորոշ մարտերու ժամանակը Հալէպի ուղղութեամբ սաստկացուած բախումներու ազդանշանով հասած համարուեցաւ:
Ուրեմն Հալէպը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական օրակարգեր ճշդող գերտէրութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը: Այս միջոցին է, որ Արեւմուտքը` գերմանական ռազմաարհեստագիտականութեամբ յագեցած ռազմանաւերով գերարդիական միջոցներով հետախուզութիւն իրականացնելու յայտարարութիւն կը կատարէ, նոյնքան հրապարակային ձեւով յայտարարելու համար, որ կառավարական ուժերու բոլոր շարժումներուն հետեւելու աշխատանքներուն արդիւնքները պիտի տրամադրէ բրիտանական եւ ամերիկեան համապատասխան կառոյցներուն:
Երկրագունդի գերբեւեռ` Միացեալ Նահանգներու նախագահը չէր պահեր, որ իր պետութիւնը վճռած է ռազմական միջամտութիւն իրագործելու, այն պահուն, երբ Սուրիոյ վարչակարգը սկսի օգտագործել քիմիական զէնքեր: Սպառնալիքը կը յիշեցնէ Իրաք ներխուժման պատրուակային հիմնաւորումները: Մինչ, միջազգային ընտանիքի նոր բանագնացը կը շեշտէր, թէ ճիշդ չէ Սուրիոյ նախագահին հրաժարականը պահանջելը` երեւութապէս դժգոհ ձգելով զինք լիազօրութեան կոչող գերտէրութիւնները:
Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու միջեւ երեւցող սպառնալիք-վեթօ լարուած յարաբերակցութիւններու ամենաթէժ կէտն է այսօր Հալէպը, ուր արձանագրուող մարտերը յարձակում-նահանջ գործողութիւններու ընդհանուր շղթայի մը մէջ գետնի վրայ տեղաշարժերու առնչութեամբ անորոշութիւն կը ստեղծեն: Մէկ կողմէ կը խօսուի հակակառավարական ուժերու յառաջընթացին եւ նոր դիրքերու վերահսկողութեան, միւս կողմէ բանակային ուժերու վերադիրքաւորումներու եւ շրջաններու վերստանձնման մասին:
Առանց այս անորոշութեան ալ, տարատեսակ էին արդէն լրատուութիւններն ու անոնց հետեւող նոյնքան տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները: Փորձենք կեդրոնանալ սակայն մեր ածուին վրայ:
Հալէպի մարտերու ճակատագրականութեան տեսանելիութիւնը կը պարտաւորեցնէ հայկական կողմէն ակնկալելի գերսթափութիւն: Հալէպը Սուրիոյ, չըսելու համար ամբողջ Միջին Արեւելքի ամէնէն հայաշատ եւ հայատրոփ քաղաքն է: Մարտերը թակած են հայկական թաղամասերու դռները եւ հայկական եկեղեցիներու, հաստատութիւններու եւ կեդրոններու անմիջականութեան տեղի կ՛ունենան: Բախումները, գէթ իբրեւ տեսութիւն, կտրուկ զարգացումներու հետեւանքով կրնան աւարտիլ այս կամ այն կողմին առաւելութեամբ: Կրնան սակայն անորոշ ժամանակով երկար տեւել: Ահա նման բեմագրութեան (սենարիոյի) պարագային է, որ ֆիզիքական անվտանգութեան խնդիրը կ՛աւելնայ ընկերային-տնտեսական եւ ապահովական սուր ճգնաժամին վրայ: Սուրիայէն հասնող լուրերը կը շարունակեն համոզիչ ձեւով ներկայացնել այն, որ սուրիահայութիւնը եւ այս պարագային հալէպահայութիւնը ազգային, միութենական, յարանուանական, բարեսիրական մարմիններու համակարգաւորուած եւ կառուցակարգուած հակաճգնաժամային աշխատանքներ կ՛իրականացնէ: Յատկապէս հայութեան, հայկական թաղամասերուն եւ հայկական հաստատութիւններուն մասին վաւերական լուրեր ստանալու եւ տարածելու համար բացառապէս պէտք է յենիլ այդ կառոյցներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն: Ճիշդ է, հաղորդակցութեան խափանուած միջոցները չեն նպաստեր ճգնաժամի մասին արագակշռոյթ լրատուութիւններու հրապարակման: Այսուհանդերձ այս այն պարագան չէ, որ լրատուական մրցավազքի հեւքին մէջ առանց հաշուարկելու եւ կշռադատելու զգայացունց տեղեկութիւն հաղորդելու եւ առաջին հորիզոնականները գրաւելու մօտեցումներ պէտք է ցուցադրել:
Հալէպի մարտերը կրնան երկար տեւել: Մեր հակառակորդները անմիջականօրէն առնչակից են ռազմական արձանագրուող իրադարձութիւններուն: Իրենց մօտ կայ յստակ քարոզչական քաղաքականութիւն` Անգարայի շահերը գերադասելու, քրտական շարժումներուն դէմ պատնէշներ կառուցելու, անվտանգութեան գօտիներ ստեղծելու, բարեսիրական գործունէութեամբ հանդէս գալու, մերթ կողմերուն միջեւ կամրջումի դերեր ստանձնելու, մերթ ալ վարչակարգի հեռացման պահանջներով ներկայանալու:
Օրախնդիրին աշխարհաքաղաքական տարողութիւնը, Հալէպի մարտերուն ճակատագրորոշ ըլլալու տեսութիւնները, հակառակորդին ներգրաւուածութեան չափը, հայկական թաղամասերուն անմիջականութիւնը` բախումներուն եւ ճգնաժամին երկարատեւութեան վարկածը կ՛ընդգծեն ամէն իմաստով գերզգօնութեան վիճակի անհրաժեշտութիւնը:
Մինչ այդ կը զգացուի հրամայական հայկական բազմակողմ եւ ամբողջական ներգրաւուածութեամբ թէկուզ փակ խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու: Աշխարհաքաղաքական երկարաժամկէտ ծրագիրները կը խօսին բաժանարար ծրագիրներու, երկիրներու սահմաններու վերագծումներու, Մեծն Քիւրտիստանի ստեղծման եւ առ այդ Թուրքիոյ անդամահատման հաւանականութիւններուն մասին:
Մինչ այժմ չէ հերքուած թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդած լուրը, թէ նախարար Քլինթըն թուրք պաշտօնատարներուն յիշեցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պարտական են հայերուն դէպի Սեւ ծով ելք տրամադրելու առումով: Անկախ մեզմէ շահագրգիռ ուժեր կրնան նման խնդիրներ վերարծարծել քաղաքական որեւէ պահու:
Վերադառնանք Հալէպի մարտերուն կապուող ճակատագրականութեան եւ մտաբերենք միշտ, լուր հաղորդելու մրցավազքէն, զգայացունց տեղեկութիւն փոխանցելու մղումներէն եւ «պէտք է»-ներու մտային մարզանքներ կատարելէ առաջ (անոնցմէ աւելի կարեւոր) հարցերուն ծանրակշիռ բնոյթին գիտակցիլը եւ միշտ ու միշտ հայկական գործօնի յարաբերակցութեամբ գործընթացներու դիտարկումն ու մեկնաբանութիւնը: Մանաւանդ հակառակորդի` Անգարայի յայտարարութիւններուն եւ քայլերուն շարժառիթները ճիշդ ընկալելու զգօնութեամբ:
«Ա.»
- 0 Comments
- 151 views
- Tweet
Email
Print



