Գիւմրիի Մէջ Ժառանգութիւն Կուսակցութիւնը Պիտի Սատարէ ՀՅԴ-ի Թեկնածուին
By adminx - Wed Aug 22, 7:51 am
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print
Ժառանգութիւն կուսակցութեան լրատուական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ կուսակցութիւնը Սիւնիք, Արարատ, Արմաւիր, Շիրակ եւ Լոռի մարզերուն մէջ 9 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար առաջադրեց թեկնածուներ եւ զօրակցութիւն յայտնեց ընդդիմադիր այլ կուսակցութիւններ ներկայացնող թեկնածուներուն:
Ժառանգութիւնը աւագանիի անդամի թեկնածուներ առաջադրած է Սիսիանի, Կապանի, Վերին Արտաշատի, Մասիսի, Մեծամօրի, Նորապատի մէջ: Արմաւիրի մարզի Ոսկեհատ համայնքին մէջ համայնքապետի թեկնածու առաջադրուեցաւ Յովհաննէս Գնոյեան:
Կուսակցութիւնը որոշեց Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութեան համար պաշտպանել ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Յովսէփ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը: ՀՅԴ Շիրակի մարզային կառոյցի պատասխանատու Գէորգ Ալեքեան յայտնեց, որ հաւանական է, որ Հայ ազգային քոնկրեսը նաեւ սատարէ Յովսէփ Սիմոնեանի թեկնածութեան: Ան նշեց, որ իրենք հանդիպում ունեցած են քոնկրեսի տեղւոյն պատասխանատու Մուրատ Գրիգորեանի հետ, որ յայտնած է, թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի որոշուի Սիմոնեանին սատարել, թէ ոչ:
Անդրադառնալով օրեր առաջ Շիրակի մարզպետ Աշոտ Գիզիրեանի այն յայտարարութեան, թէ Յովսէփ Սիմոնեան քաղաքապետ դառնալու առիթ չունի, Գէորգ Ալեքեան նշեց, որ Յովսէփ Սիմոնեան բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով իր առաջադրման մասին տեղեակ պահած է վերադասին` Աշոտ Գիզիրեանին: Ալեքեան չի կարծեր, որ Գիզիրեան պէտք է որոշէ, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ Գիւմրիի քաղաքապետը: Ըստ անոր, ժողովուրդը պիտի ընտրէ քաղաքապետը եւ, հետեւաբար, բոլոր հարցերուն պատասխանը պիտի տրուի ընտրութիւններէն ետք:
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print




